Թուրքիոյ վարչապետի հայ խորհրդականին առաջին հարցազրոյցը

Էթիէն ՄահճուպեանԵՐԵՒԱՆ, «Արմռատիօ».- Թուրքիոյ վարչապետի նորանշանակ հայ խորհրդական Էթիէն Մահճուպեան իր նոր պաշտօնը ստանձնելէն ետք առաջին հարցազրոյցը տուաւ թրքական «Աքշամ» թերթին:
«Հայկական աշխարհը բաւական բազմազան է՝ Հայաստան, Սփիւռք եւ Թուրքիոյ հայ համայնք: Այս իրողութիւնը Անգարայի համար (Հայկական-Խմբ.) հարցը աւելի դիւրին կը դարձնէ, բայց միաժամանակ՝ կը բարձրացնէ պատասխանատուութեան աստիճանը», ըսած է հայազգի խորհրդականը՝ ըստ «Ռեկնում» լրատու գործակալութեան, պատասխանելով Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամեակին հետ կապուած Անգարայի ակնկալիքներուն:
«Թուրքիոյ համար հարցը աւելի կը դիւրանայ, քանի որ երկիրը չի գտնուիր միասնական պահանջի դիմաց: Պատասխանատուութեան մասով, Անգարան կրնայ ոչինչ ընել, սակայն այդ եւս կրնայ դառնալ ուշադրութեան առարկայ, քանի որ կրնայ այն տպաւորութիւնը ձգել, որ Թուրքիա իր սեփական անցեալին հետ կապուած կասկածներ ունի», աւելցուցած է Մահճուպեան:
http://asbarez.com/arm/206765/

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

November 2014
M T W T F S S
 12
3456789
10111213141516
17181920212223
24252627282930

Արխիւ