Արեւմտահայ լեզուի դատը

ԱրեւմտահայերէնԿԱՐՕ ԱՐՄԷՆԵԱՆ
Արեւմտահայերէնի ուսուցման եւ զարգացման ֆինանսաւորումը ապահովող միացեալ նախաձեռնութիւնը՝ «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկութեան եւ Հայաստանի Հանրապետութեան սփիւռքի նախարարութեան կողմէ, կարեւոր պատմական քայլ մըն է ցարդ ինքն իր միջոցներով միայն գոյատեւող արեւմտահայ աշխարհաբարի կեանքին մէջ:
Եթէ այս նախաձեռնութիւնը իսկապէս պիտի արդիւնաւորուի, արեւմտահայ լեզուի գոյատեւման պայքարին երեք մեծ առաջամարտիկները պէտք է անմիջական պիւտճէական ուշադրութեան արժանանան.
Ա.) Սփիւռքի մեր կրթական հաստատութիւններու հայագիտական ծրագիրներն ու հայոց լեզուի եւ գրականութեան ուսուցիչները.
Բ.) Սփիւռքի մեր պարբերական մամուլը, որ մշտապէս եղած է արեւմտահայ լեզուի բնակարանը եւ որուն գոյութիւնը վտանգուած է այսօր.
Գ.) Արեւմտահայ լեզուին յամառօրէն կառչած գրագէտներու հոյլը:
Առանց այս երեքի զինուորագրման՝ կարելի չէ վերելք արձանագրել այս մարզին մէջ:
«ԱՍՊԱՐԷԶ».- Հոկտեմբեր 28ին, ՀՀ սփիւռքի նախարարութիւնը եւ «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկութիւնը կնքեցին համաձայնութեան յուշագիր՝ արեւմտահայերէնի ուսուցողական նիւթերու հրատարակման եւ տարածման, Հայաստանի մէջ արեւմտահայերէնի ուսուցման կեդրոն ստեղծելու գործին օժանդակելու եւ Հայաստանի համալսարաններուն մէջ հայագիտական առարկաներու հետեւող սփիւռքահայ ուսանողներուն կրթաթոշակներ տրամադրելու վերաբերող:
Մենք կը ձայնակցինք Կարօ Արմէնեանին եւ կ՛ողջունենք «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկութեան եւ սփիւռքի նախարարութեան միջեւ կնքուած այս համաձայնագիրը: Կը մաղթենք, որ համաձայնագիրը կենսագործուի: Թէ՛ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեանի եւ թէ «Կիւլպէնկեան» հիմնարկութեան հայկական բաժինի տնօրէն դոկտ. Ռազմիկ Փանոսեանի աշխատանքային վարքը յոյս կը ներշնչէ, որ համաձայնագիրը թուղթի վրայ պիտի չմնայ։
http://asbarez.com/arm/206594/

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

October 2014
M T W T F S S
 12345
6789101112
13141516171819
20212223242526
2728293031  

Արխիւ