Թուրք նախարարը Ֆրանսայի մէջ ուրացած է Ցեղասպանութիւնը

Վոլքան ՊոզքըրԵՐԵՒԱՆ, «ՓանԱրմինիըն».- Թուրքիոյ Եւրոմիութեան հարցերով նախարար եւ գլխաւոր բանագնաց Վոլքան Պոզքըր ելոյթ ունեցած է Ֆրանսայի խորհրդարանի Եւրոմիութեան յանձնաժողովին առջեւ: Պատասխանելով Հայոց Ցեղասպանութեան մասին հարցումի մը՝ ան ըսած է, որ Անգարայի իշխանութիւնները չեն ուզեր, որ «1915ի դէպքերուն» վերաբերեալ քաղաքական գործիչները որոշումներ կայացնեն:
Պոզքըր ներկաներուն յիշեցուցած է «պատմաբաններու յանձնաժողով» ստեղծելու Թուրքիոյ առաջարկը՝ պատրաստակամութիւն յայտնելով ընդունելու այդ յանձնաժողովին որեւէ եզրակացութիւնը։
Ըստ «Հապերքիփ» լրատուական գործակալութեան՝ Պոզքըր պնդած է, թէ «Թուրքիա իր պատմութեան մէջ ամօթալի էջ չունի»՝ շարունակելով պաշտօնական Անգարայի ուրացման քարոզչութիւնը:
Նշենք, որ Ֆրանսայի խորհրդարանի անդամ Վալերի Պուայէ նեկայացուցած է ցեղասպանութիւններն ու մարդկութեան դէմ յանցագործութիւնները ուրացողներուն դէմ քրէական պատիժ հաստատող նոր օրինագիծ մը, որ արդէն իսկ 40է աւելի պատգամաւորներու ստորագրութիւնը ապահոված է։

http://asbarez.com/arm/206452/

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

October 2014
M T W T F S S
 12345
6789101112
13141516171819
20212223242526
2728293031  

Արխիւ