Արեւմտեան Հայաստանի տարածքին կ՛ապրին շուրջ 2 միլիոն իսլամացած հայեր

Հայկազուն ԱլվրցյանԵՐԵՒԱՆ.– Քանի մը օրէն լոյս պիտի տեսնէ Արեւմտահայոց հարցերու ուսումնասիրութեան կեդրոնի տնօրէն Հայկազուն Ալվրցեանի նոր գիրքը: Հեղինակը այս աշխատութեան մէջ կը նկարագրէ արեւմտահայերուն ներկայ վիճակը, վեր կ՛առնէ Թուրքիոյ մէջ իսլամացած հայերուն խնդիրները:
27 հոկտեմբերին լրագրողներուն հետ ունեցած հանդիպումին ընթացքին Հայկազուն Ալվրցեան պատմած է իր հետազօտութիւններուն, Արեւմտեան Հայաստանի մէջ կատարած բացայայտումներուն եւ ունեցած հանդիպումներուն մասին:
Ըստ անոր՝ այսօր աւելի քան 3 միլիոն իսլամացած հայ կայ: Արեւմտեան Հայաստանի տարածքին անոնց թիւը 2 միլիոնի սահմաններուն մէջ է: Անոնց մէկ մասը ծպտեալ հայեր են, որոնք մինչեւ օրս կը պահպանեն իրենց ազգային ինքնութիւնը, թէեւ՝ գաղտնի: Ոմանք ալ վերջերս սկսած են բացայայտուելու, նոյնիսկ՝ մկրտուելու:
http://asbarez.com/arm/206226/

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

October 2014
M T W T F S S
 12345
6789101112
13141516171819
20212223242526
2728293031  

Արխիւ