Սասունից սփյուռք. Դեմիրջիների գաղթը

ՍասունՍԵՒԱՆ ՏԷՅԻՐՄԵՆՃԵԱՆ/ՊՈԼԻՍ
«Ես՝ Առէն, Էրոլին զաւակն եմ,
Էրոլ՝ Խաչոյին,
Խաչօ՝ Չաչանին,
Չաչա՝ Սագոյին,
Սագօ՝ Ովնոյին,
Ովնօ՝ Խաչոյին,
Խաչօ՝ Կիւլպենկեանին,
Կիւլպենկեան՝ Անդրանիկին,
Անդրանիկ՝ Խաչոյին»։
Շուրջ 300 տարուան պատմութիւն մը թաքչած է ազգաբանական այս յաջորդականութեան ետին։ Մատթէոսի աւետարանին առաջին տողերը յիշեցնող ցուցակը կը յայտնաբերէ այն ամուր կապը, որ գերդաստանին կրտսերագոյնը՝ Առէնը, կը յարաբերէ նախապապին՝ Խաչոյին հետ։
Պատմական Հայաստանի վերջին բնակիչներն էին անոնք, այս մեծ գերդաստանին յետին սերունդները․․․
Խօսակիցս Լեռնան է, ընտանիքին վերջին սերունդին առաջին թոռը, Էրոլին դուստրը։ Ծնած է Յուլիսի 14-ին։ Իր ծնունդէն երեք տարի առաջ, 1988-ին, ճիշդ այդ օրը, իր հայրենի գիւղը լքելով Պոլիս գաղթած էր Տեմիրճի ընտանիքը։
Գերդաստանին այժմու պատմութիւնը կը հասնի մինչեւ 400-450 տարի առաջուան։
Պատմութիւնը սկիզբ կ՚առնէ Սղուանք գիւղէն, որ այժմ կը գտնուի Մուշի սահմաններուն մէջ։ Պապերը այդ ժամանակ քարէն երկաթ կը շինէին։ Կը կոչուէին Մալա-Քեվըր, որ քրտերէնով կը նշանակէ քարով զբաղողներուտուն։ Գիւղին այլ մեծ գերդաստաններուն հետ հարց կը ծագի օր մը։ Կռուախնձորը քարն էր կարծես։ Կռիւներ կը սկսին ու միւս ընտանիքէն 7 հոգի կը մահանայ։ Այս դէպքէն ետք Տեմիրճիներուն պապերը, 12 ընտանիք, Սղուանքէն կը հեռանան։ Գաղթի ճանապարհին 9 ընտանիք կը կորսուի եւ մինչեւ այսօր ալ որեւէ տեղեկութիւն չկայ իրենց մասին՝ո՛ւր գացած են, ովքե՛ր են․․․ Մնացածերեքը կ՚երթայ Պաշտըրմէ գիւղը, որ ներկայիս կը գտնուի Պաթմանի Քոզլուք գաւառակէն ներս։ Յիշեալ երեք ընտանիքներուն նահապետներուն անուններն էին Մանուկ, Տօնիկ եւ Խաչօ, որոնք եղբօր զաւակներ էին։
Մուրատ, Տօնիկին զաւակը, ժամանակ մը վերջ Պաշտըրմէէն կը հեռանայ ու կը հաստատուի Քոզլուքի Զըռնեքաթինգիւղը։ Հոն կար Կարապետ անուն երկաթագործ մը, դարբին, որու քով կը սկսի աշկերտութեամբ սորվիլ ասպարէզը։ Տարիներ շարունակ հոն կ՚աշխատի, կը սորվի դարբնութիւնը, ու յետոյ իր զարմիկներուն ալ կը սորվեցնէ։
Երեք պապերը, տարիներ անց, ընտանեօք հանդերձ, Պաշտըրմէէն կ՚ելլեն ու կ՚երթան Հերենդ (գիւղը վերանուանուած է ու այսօր կը կոչուի Աճառ), որ Սասունի սահմաններունմէջ է այսօր։ Ա՛յս մէկն է որ կը նկատուի Տեմիրճիներուն հայրենի գիւղը։
Հոն կար Գրիգոր աղա մը։Ան Տեմիրճիներէն աղջիկ «կ՚առնէ» ու կը խնամիանայ իրենց հետ։ Որպէս պետելիրենց կու տայ արտ մը ու կ՚ըսէ, թէ այլեւս կրնան ապրիլ գիւղին մէջ։ Տեմիրճիներուն նահապետները արտը կը մշակեն, կը հերկեն եւ հետագային իրենց շահածով երկու արտի եւս կը տիրանան եւ կը շարունակեն աշխատիլ։ Անոնք ունէին նաեւ կարեւոր ասպարէզ մը՝ դարբնութիւնը։Երկաթագործ էին։ Աշխատասէ՛ր երկաթագործներ․․․
Հերենդն ու շրջակայքը հայկական գիւղերունէր առհասարակ, նօսր իսլամ բնակչութեամբ։ Տեմիրճիները կը սկսին ո՛չ միայն Հերենդի, այլ շրջակայքի բնավայրերուն համար եւս դառնալ երկաթի փնտռուած վարպետներ։ Երկաթով կը շինեն ամէն ինչ, ամէն գործիք՝ մինչեւ դուռ ու մահճակալ․․․ Հետզհետէ անոնք կը դառնան սիրուած, յարգուած, հեղինակաւոր անձնաւորութիւններ, եւ սակայն այս պարագանկը գրգռէ Գրիգոր աղային նախանձը․չէր կրնարհանդուրժել այլ հեղինակութիւններու ներկայութեան։ Կ՚ըսէ․ «Ես արտօնեցի, որպէսզի հաստատուիք հոս, պայմաններ ստեղծեցի ձեզի համար եւ հիմա ժամանակն է որ հեռանաք»։
Մօտակայ գիւղըկը բնակէր Սիւլէյման աղա մը, պետական պաշտօնեայ, որ իր գործակատարը Հերենդ կ՚ուղարկէ, որպէսզի աղ առնէ Գրիգոր աղայէն։ Վերջինս կը մերժէ։ Տեմիրճիներուն մեծհայրը՝ Պղտէ, Սիւլէյման աղային գործակատարին կը հանդիպի վերադարձի ճամբուն վրայ ու կը հետաքրքրուի այցելութեանը նպատակով։ Երբ ան հարցը կը պարզէ՝ ըսելով, թէ Գրիգոր աղա մերժած է զինքը, Պղտէ մեծհայրը պատրաստակամութիւն կը յայտնէ օժանդակելու։ Տեմիրճիները աղ կու տան գործակատարին, ինչպէս նաեւ պատուով կը հիւրընկալեն զինքը իրենց յարկին տակ։
Վերադարձին, Սիւլէյման աղա կը հետաքրքրուի, թէ իր գործակատարը ինչու այդքան ուշացած էր։ Մարդը կը պատմէ ամբողջ եղելութիւնը։ Սիւլէյման աղա Պղտէ մեծհայրը իր քով կանչել կու տայ։ Տեմիրճիներըկը սարսափին այս հրաւէրին պատճառով, քանի որ պետութեան մարդն էր Սիւլէյման եւ անոր քով գացողը հազիւ թէ ետ տուն դառնար։ Պղտէ սակայն անճար, ստիպուած կ՚երթայ։ Եղելութիւնը նորէն կը պատմէ Սիւլէյմանին, որ ուզած էր դարձեալ լսել կատարուածը։ Վերջինս կը հարցնէ, թէ քանի ընտանիք ունի Պղտէին գերդաստանը։ Կը պատասխանէ՝ երեք։ Քանի՞ արտ՝ նոյնպէս երեք։ Առ ի վարձատրութիւն Տեմիրճիներու յօժարակամ օժանդակութեան, Սիւլէյման Հերենդի բոլոր անտէր արտերը կը նուիրէ անոնց։ «Վերադարձի՛ր գիւղդ։ Կալուածաթուղթերը իմ քովս պիտի մնան եւ ապա ես պիտի ղրկեմ», կ՚ըսէ Սիւլէյման։
Այս իրադարձութենէն ետք Տեմիրճիներ աւելի շատ արտ ու դրամ կ՚ունենան, քան Գրիգոր աղան։
1915-ին, Մեծ Եղեռնի մութ օրերուն, զինուորները կը տարագրեն նաեւ Տեմիրճի ընտանիքին անդամները։ Հազիւ 10-15 քիլոմեթր դուրս ելած էին գիւղէն որքրտական ցեղախումբէ մը, Պեքիրէէն, Մուսթաֆա աղային տղան՝ Հալիլ աղա, զինուորներուն ճամբան կը կտրէ, աղաչանք-պաղատանք, կը համոզէ, որ Տեմիրճիները չտեղահանուին, այլապէս անոնց կատարած գործը ընելիք մարդ պիտի չգտնէ պետութիւնը, եւ գիւղին ու բովանդակ շրջանին մէջ երկաթի հետ առնչուած գործերը պիտի կաղան։ Հալիլ զինուորներուն ձեռքէն կ՚առնէ Տեմիրճիները ու ետ կը վերադարձնէ։ Անոնք այնուհետեւ կ՚ապրին Պեքիրէ ցեղախումբին պաշտպանութեան տակ։ Ցեղասպանութենէն մազապուրծ այլ հայեր եւս կ՚ապաստանին իրենց, Հերենդի մէջ, որ ապահով էր համեմատաբար։
Կ՚ըսուի, թէ երեք պապերէն մէկը այդ տարիներուն էր որ ապաստանեցաւ Սուրիա։
Տարագրութեան այդ օրերէն ընտանիքին յիշողութեան մէջ կան սարսափելի պատմութիւններ։ Հերենդի քովէն հոսող գետակը ամբողջութեամբ կարմիրի ներկուած էր, դիակները կամուրջ մը «կը կազմէին» եւ մարդիկ անոնց վրայ կոխկրտելով կ՚անցնէին դիմացի ափը։Կիներ օրերով դիակներու մէջ կը պահուըտէին՝ առեւանգումէ ու բռնաբարումէ խուսափելու համար։
Այդ սեւ տարիները կ՚անցնինքիւրտերու պաշտպանութեան տակ, թէեւ վախով, սարսափով ու ապագայի հանդէպ անվստահութեամբ։
1930-ականներուն,նոյն Սիւլէյման աղայի գործակատարներէն մին կը յայտնաբերէ այն կալուածաթուղթերը, որոնցմով տասնամեակներ առաջ Հերենդի մէջ արտեր շնորհուած էին Տեմիրճի Պղտէին։ Անմիջապէս լուր կը տրուի Քուլփի պատկան մարմիններուն։ Պետութիւնը այս հողերը հայու մը ձեռք չյանձնելու համար կը յօրինէ պատմութիւն մը․իբրթէ Պղտէ 1915-ին լեռներու վրայ կանոնաւոր բանակին զինուորները սպանող հրոսակ մըն էր, հետեւաբար արտերը անկարելի էր յանձնել իրեն։
Մօտակայ գիւղերուն բնակիչները՝ հայեր, քիւրտեր, թուրքեր, կու գան պետութեան դուռը ու կը պնդեն, թէ Պղտէ հրոսակ մը չէր։Անոնք կը վկայեն, որ ան ապրած ու մեռած է այստեղ, գերեզմանն ալ կը գտնուի հոս։ Տասնեակ տարիներ զբաղելէ, աշխատելէ վերջ, 1940-50-ական թուականներուն այդ հողերը պաշտօնապէս իրենց «կը տրուին»։ Սակայն հողատարածքը այդպէս ալ չեն կրնար առնել Տեմիրճիները։ Թէեւ կալուածաթուղթերը կը գտնուին իրենց մօտ, սակայն․․․ Մինչեւ հիմա ալ, երբ փորձեն այցելել, գիւղի սահմաններուն մօտ արդէն կը սկսին հրազէնով կրակել իրենց․չըլլա՛յ թէ եկած են ետ ստանալու, առնելու իրենց հողերը, որոնց վրայ այսօր կան տուներ, կան նոյնիսկ զինուորական շէնքեր։Տեմիրճիներուն տրուած սովորական հարցումներէն մէկն է նաեւ «արդեօք մնացած ոսկիները առնելո՞ւ եկած էք»ը։
1960-ականներուն պետութեան քաղաքականութիւնը շատ աւելի անտանելի կը դառնայ գաւառին մէջ։ Ո՛չ միայն պետութիւնն ուզինուորականութիւնը, նաեւ շրջակայքի բնակիչները կը ստիպեն, որ կրօնափոխ ըլլան Տեմիրճիները։ Եւ կ՚ըլլան ոմանք, որ կ՚իսլամանան ալ առերեւոյթ, եւ Պոլիս գալէ ետք միայն դարձեալ կը վերադառնան քրիստոնէութեան, կան, որ դեռ կը շարունակեն իրենց կեանքը իսլամական մահիկին տակ։
1980-ականներուն այլեւս անկարելի կը դառնայ ճնշումներուն դիմադրելը։ Կը շարունակուինճնշումները Տեմիրճիները իսլամացնելու նպատակով, մէկ կողմէ ալ կը պահանջուի իրենցմէ, որպէսզի յայտնեն այն վայրերը, ուր քիւրտեր կը պահուըտին։ ՓՔՔ-ի տարիներն են արդէն։ Տեմիրճիները չեն ընդունիր մատնութիւն կատարելը,իրենց պարտադրուած այս պայմանները,եւ տոհմին ընտանիքները հետզհետէ կը սկսին լքել գիւղը։ Կ՚երթան նախ Սասուն, Պաթման, կը հասնին մինչեւ Պոլիս։ Խօսակցիս՝ Լեռնային ընտանիքը վերջինն է որ գիւղէն ելած է․ 14 Յուլիս 1988-ին անոնք Սասունէն կը հեռանան ու յաջորդ օրը՝ Յուլիսի 15-ին կը հասնին Պոլիս։
Ինչպէ՞ս եղած է որ անոնք հեռացած են Սասունէն, երբ Լեռնային մեծհայրը՝ Խաչօ, ուխտած էր մինչեւ իր կեանքին աւարտը ոչ մէկ տեղ երթալ, չհեռանալ Հերենդէն, հայրենի բնաշխարհէն։
Մեծհօրը մայրը՝Ռէյհան, ուժեղ կին էր, խօսքը կը յարգուէր շատերէն, նոյնիսկ գիւղի աղայէն։ 1987-ին պատահած իր մահը պատճառ կը դառնայ, որպէսզի զաւակը՝ Խաչօ, մտածէ հեռանալու մասին՝տեղի տալով նաեւ հետզհետէ ծանրացող ճնշումներուն դիմաց։
Գիւղի մօտակայքին Տեմիրճիները ունէին ընտանեկան յատուկ գեղեզմաննոց մը, ուր թաղուած են ընտանիքին իսլամաց(ու)ած անդամներն ալ։ Նախնեաց աճիւնները թողլով՝ գերդաստանին անդամները իրենց քայլերը կ՚ուղղեն դէպի Պոլիս։
Անոնք իրենց ընդարձակ արտերը թողուցած, հեռացած իրենց բարձր լեռներէն, կը հաստատուին Թարլապաշը, կը ծուարին յարկաբաժնի մը մէջ։ Ո՛չ միայն մեծհայրը, նաեւ անոր քոյրերը, եղբայրները, բոլորը միասին։ Կը սկսին տարբեր գործեր ընելու։ Լեռնային հայրն ու հօրաքոյրերը կ՚աշխատին կտորեղէնի, կերպասագործութեան ասպարէզին վրայ։ Աւելի վաղ եկած Տեմիրճիները հետզհետէ ուրիշ աշխատանքներ կը գտնեն նորեկներուն համար։ Թարլապաշըէն կը փոխադրուին Էլմատաղ, աւելի փոքր բնակարան մը։
Լեռնային ընտանիքը հիմա կ՚ապրի Քուրթուլուշ, 22 տարիէ ի վեր։ Իրմեծհայրը Խաչօն է, որ զաւակն է Չաչային։ Ան իր ութ զաւակներով կ՚ապրի Պոլիս։ Մեծհօրը եղբայրը՝ Իտրիս, այդ դժուար տարիներուն կ՚որոշէ գաղթել Պելճիքա, սակայն մեծհայրը՝ Խաչօ, կ՚ըսէ, թէ հոս ծնած է եւ հոս ալ պիտի մեռնի օր մը՝ մերժելով երթալ օտար երկիր մը։
Տեմիրճի ընտանիքին անդամները,սփռուած, տարածուած, կ՚ապրին Թուրքիոյ, Միացեալ Նահանգներու, Եւրոպայի զանազան երկիրներու, Հայաստանի մէջ։ Երեք պապերուն սերունդները այսօր կը հաշուեն շուրջ հինգ հազար մարդ։ Անոնք, որոնք Եւրոպա կը բնակին, կը գործածեն Տեմիրճեան ազգանունը։ Իսկ Պոլսոյ մէջ Տեմիրճի գերդաստանին անդամներուն թիւը կը հասնի երկու հազար հինգհարիւրի։ Այս գերդաստանին մասկը կազմեն նաեւ Չալըշ եւ Չաղլա ընտանիքները, որոնք Ցեղասպանութեան տարիներուն շրջակայքի գիւղերէն ապաստանած էին Հերենդ, վայելած էին Տեմիրճիներուն հովանին եւ խնամեցած անոնց։
Լեռնային հայրը՝ Էրոլ, ունի ութ եղբայր ու քոյր։ Ընտանիքին մեծհայրը՝ Խաչօ, շատ մեծ կարեւորութիւն կու տայ ընտանեկան միասնութեան, հետեւաբար անոնք 12 հոգիով կը բնակինյարկաբաժնի մը մէջ, միասնաբար։ Նոյնիսկ ամառանոցը հինգ տուն կայ քովէքով եւ այդ հինգ տունն ալ կը պատկանի Տեմիրճիներուն։ Օտարը բաղձալի անձ մը չէ իրենց ընտանիքէն ներս։ Նոյնիսկ դեռ կը շարունակուի հին աւանդութիւնը եւ «օտար» ամուսնութիւններ չեն կնքուիր, խնամութիւն կը հաստատուի միայն ընտանիքէն ներս։
Հայաստանի սրտէն՝ Սասունէն նոր եկած իրենց շրջանին Պոլսոյ հայ համայնքին հետ հարցեր կը ծագին։ Չես գիտեր ուրկէ, որմէ առնուած յանդգնութեամբ մը, «պոլսահայեր» իբրեւ հայ «չեն ընդունիր» Տեմիրճիները։ Միւս կողմէ, թուրքեր ալ, բնականաբար, չեն ընդունիր, որ անոնք թուրք են։Տեմիրճիներուն նախկին սերունդները, որոնք իրենց գիւղին մէջ ո՛չ հաւատք եւ ոչ ալ լեզու կրնային պահել, նման այլամերժութեան պատին կը բախին նաեւ հոս՝ դժբախտաբար ենթական դառնալով նաեւ իրենց «ազգակիցներու» արհամարհանքին։ Ու գիտնա՜լ, որ անոնք իրենց հայ ըլլալուն պատճառովերեւակայելն իսկ դժուար ինչ զրկանքներու, դժուարութիւններուկ՚ենթարկուէին հարազատ բնավայրին մէջ․․․
Պոլիս հասած Տեմիրճի ընտանիքէն քիչեր միայն կրցած էին պահել իրենց մայրենի լեզուն, հայրենի անուշ բարբառը։ Վերջին սերունդը սակայնայսօր կը յաճախէ հայկական վարժարաններ, կը սորվի իր մայրենին։ Երիտասարդներըկ՚ընդունուին համալսարան, կը մասնագիտանան տարբեր ճիւղերու մէջ։ Կան նոյնիսկ, որոնք ուսուցիչ են այսօր հայկական դպրոցներուն մէջ ու մայրենին կը դասաւանդեն նոր սերունդին՝ իրենց հոգիին ջերմութիւնն ալ դնելով անոր մէջ․ ջերմութիւն մը, զոր բերած են բնաշխարհէն, Երկիրէն, եւ դեռ սառած չէ մեծ քաղաքին իրարանցումին ու ամէն ինչ հարթող մթնոլորտին մէջ։
Նահապետական ընտանիք մըն են Տեմիրճիները, որոնք ունին ընտանեկան ներքին կանոններ, չգրուած օրէնքներ, խիստ աւանդութիւններ։ Զոր օրինակ, ընտանիքի անդամներուն միջեւ յառաջացած վէճի մը ժամանակ ընտանիքին պապերը կը հաւաքուին, կրտսերները կը նստեցնեն իրենց դիմաց ու կը սկսին խօսիլ անոնց հետ, կը փորձեն հաշտեցնել զանոնք՝ միշտ ըսելով, թէ «մենք մեզի հետ ենք այստեղ, այլ մարդ չկայ, որպէսզի տէր կանգնի ձեզի»։
Նոյնն է պարագան ամուսնութիւններու ժամանակ ալ։ Եթէ աղջիկներէն մէկը ամուսնանալիք է, մեծհայրը կը խորհրդակցի ընտանիքին բոլոր մեծերուն հետ՝ շօշափելով անոնց կարծիքը։ Սովորութիւն մը, որ դարձեալ կու գայ գիւղի շրջանէն։ Ամուսնութիւնները կը կնքուին տոհմի այլ ընտանիքի մը զաւկին հետ, որպէսզի «օտարի» մը, «դրսեցիի» մը հետ խնամութիւն չհաստատուի։ Երեւի դարձեալ գիւղէն յամեցող աւանդութիւն մը, որու նպատակն եղած է պաշտպանուիլ, տեւականացնել տոհմը, չուծանալ, չձուլուիլ, մնալ ամփոփ։
Տեմիրճի ընտանիքին այսօրուան նահապետը կին մըն է։ 97-ամեայ Կիւլէ մեծմայրը։ Հին հայկական մայր իշխանութեան տիպար օրինակ մը։ Շուրջ հարիւրամեայ այս մեծմայրը Տեմիրճիներուտոհմէն է, որ ամուսնացած է Ցեղասպանութեան տարիներուն Հերենդ ապաստանած այլ հայ ընտանիքի մը տղուն հետ։ Մինչեւ հինգ տարի առաջ ան պայծառ յիշողութիւն ունէր, սակայն այսօր զառամած է դժբախտաբար։ Հետեւաբար ընտանեկան յիշողութիւնը ներկայ սերունդին աւանդելու պարտականութիւնը այսօր կը վիճակի Լեռնայի մեծհօր։
Տեմիրճի ընտանիքին նոր սերունդները աւանդական անցեալին հետ ունին իւրայատուկ կապ մը։ Լեռնա կ՚ըսէ, թէ թէեւ ծնած է Պոլիս, սակայն բնաւ չէ կրցած յարմարիլ քաղաքի պայմաններուն։ Ընտանիքը կ՚ապրի սասունցի նահապետական հայ ընտանիքի մը հնաւանդ կեանքով՝ տօները, հարսնիքները, ամէն ինչ նշելով ըստ այդ կանոններու։ Լեռնա հետաքրքիր է իր ազգի անցեալով։ «Երբ որ ելեկտրականութիւնը խզուի, անմիջապէս մեծհօրս քով կը փութամ որպէսզի ան պատմէ ու ես լսեմ»։ Մեծհայրը կը պատմէ ո՛չ միայն ընտանիքին մասին, այլ նաեւ գիւղին կեանքը՝ դէպքեր, անձեր, սիրահարութիւններ, հարսնիքներ, թաղումներ․․․
Կ՚ուզեմգիտնալ գերդաստանին մեծագոյն տօնը։ Զատիկ, Ծնունդ․․․ Ինչպէս միւս ընտանիքները կը նշեն․․․Սակայն Տեմիրճի ընտանիքին համար յատուկ կարեւորութիւն ունի հին տոմարով նոր տարին՝ այսինքն Յունուարի 13-ը, երբ բոլոր ընտանիքը կը հաւաքուի սեղանին շուրջ, ամանորեան գաթան կը բեկանեն՝ մէջը դրուած դրամը կամ շիւղը գտնելու ակնկալիքով, որպէս նշան բարի կամ դժբախտ տարուան մը։
Սասունէն ի՞նչ բերած են անոնք իրենց հետ։ Ե՞րգ։ Այո՛, Լեռնային հօրաքոյրը գիտէ երգեր, զորս կ՚երգէին նաեւ շրջանի քիւրտերն ու թուրքերը։ Իսկ պա՞ր։ Ո՛չ, պար չի գիտեր Լեռնա։
Բայց զարմանալիօրէն իրենց աւանդուած է մեր ժողովուրդին ազգային էպոսը՝ «Սասունցի Դաւիթ»ը, «Սասնայ ծռեր»ը։ Ես«Սասունցի Դաւիթ»ը, «Սասնայ ծռեր»ը սորված եմ դպրոցէն, բայց Լեռնային ընտանիքին մէջ Սասունցի Դաւիթին պատմութիւնը աւանդութիւն մըն է դեռ ապրող, սերունդէ սերունդ փոխանցուող։
Լեռնային հօրաքրոջ անունը Միւնեվվեր է, սակայն գիւղին մէջ քրտերէնով կը կոչուէր Մըլքըյա։ Գիւղացիներէն մին իրեն ըսած է, թէ Մըլքըյա Սասունցի Դաւիթի կարեւոր կին զինուորներէն մէկն է։ Վստահաբար մեծմայրն ալ գիտէր այս եւ դիտմամբ այդ անունով կնքած է իր դուստրը։
Ընտանիքին համար ժամանակը այլ կերպով կը հոսի։ Զոր օրինակ, մեծհայրը ծնած է այն ժամանակ, երբ «արտերը կը կանաչէին»։ Հօրաքոյրը երբ երկու օրեկան էր, «Դաւիթին աղջկան հարսնիքը կար»։ Պատմութիւնները կը պատմուին ահա այսպէս։ Պատճա՛ռ, որ շատերուն անձնագիրներուն մէջ որպէս ծննդեան թուական նշուած ըլլայ 1․1, 2․4 եւ նման պատահական, «ակնահաճոյ» նիշեր։
Անունները մինչեւ Լեռնային մեծհայրը հայկական եղած են առաւելաբար՝ Անդրանիկ, Սարգիս, Խաչօ, բայց 60-ականներէն վերջ ծնած սերունդները ունին թրքական անուններ։ Լեռնային մեծհայրը Խաչօ կը կոչուի, բայց հայրը՝ Էրօլ, իսկ եղբայրը, որ ծնած է Պոլիս, Առէն։Այժմ հայկականէ դուրս մանուկները կը կնքուին նաեւ եւրոպական անուններով՝ Մելիսա, Լիանա, Լարիսա․․․
Տեմիրճիները կ՚ապրին իրենց հայրենի գիւղին կարօտովը։ Ընտանիքին մեծերը, որոնք հայրենիքի մէջ ծնած են, իրենց մահկանացուն օտարութեան մէջ կնքելէ վերջ, կը յուղարկաւորուին Հերենդի մէջ։ Ընտանիքին այլ հանգուցեալները անցեալին թաղուած են Շիշլիի կամ Պալըքլըի ազգային գերեզմանատուներուն մէջ, սակայն վերջին տարիներուն Հալըճըօղլուի գերեզմանատան մէջ թաղ մը գնուած է, ուր ալ կը հանգչին ննջեցեալները։
Անձեռակերտ նշխարներ կան այսօր իրենց յիշողութեան մէջ՝ պատմութիւններ, կարօտ, տխրութիւն եւ ուրախութիւն։ Ու սերունդներ, որոնք կը ծնին Պոլսոյ օտարութեան մէջ, հեռու հայրենի գաւառէն։
Դուրս ելլելու ատեն Լեռնա ինծի ցոյց կու տայ Սասունէն առնուած լուսանկարչական գործիք մը։ Հայրը առած է։ Սովետական արտադրանք մը։ Տոկուն, պատեանին կաշիին հոտը դեռ վրան։ Այդ տարիներուն, երբ երիտասարդ էր, Հերենդէն Սասուն կ՚երթար հայրը, լիսէն աւարտելու։ «Քոնվերս», «Ռիպաք» եւ նման մարքա զգեստներ ոչ ոք ունէր գիւղին մէջ, սակայն հայրը Սասունէն կը գնէր ու կը հագուէր պատանեկան երջանկութեամբ։ Սասուն եկած մանրավաճառէ մըն ալ կը գնուի ահալուսանկարչական այս մեքենան։ Եւ հիմա ան կը գտնուի Պոլիս, Լեռնային մեծմօր ասեղնագործական պիտոյքներուն հետ միասին, որպէս թանգարանային նմուշ, որպէս յիշատակ Սասունէն, Հերենդէն։ Լուսանկարելու համար այլ վայրեր, սեւեռելու համար այլ երկինքներ․․․
AllTurkey.am

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

October 2014
M T W T F S S
 12345
6789101112
13141516171819
20212223242526
2728293031  

Արխիւ