Աթէնքի արուարձաններէն Էղալէոյի շրջանին մէջ կիրակի, 19 հոկտեմբեր 2014ին բացումը կատարուեցաւ Ասորիներու ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին նուիրուած յուշակոթողի:
Յուշարձանի բացման արարողութիւնը կատարեց Յունաստանի Ասորիներու միութեան նախագահ Քիրիաքոս Պացարաս, որ անդրադարձաւ 1915ին Օսմանեան Թուրքիոյ կողմէ հայերու, յոյներու եւ ասորիներու դէմ գործուած ոճիրին՝ շեշտելով, թէ բոլոր հայերն ու ասորիները պահանջատէր կը մնան Թուրքիոյ հանդէպ: «Չենք մոռնար զոհերուն յիշատակը, հայ ազգը, ասորիները, յոյները, բոլորս պահանջատէր ենք Թուրքիայէն: Անմեղ զոհերու յիշատակը կը յաւերժացնենք այսօր, Էղալէոյի մէջ կանգնեցուած յուշարձանով, յիշեցնելով բոլորին, թէ պէտք է ճանչնալ ու դատապարտել կատարուած ոճրագործութիւնը եւ անպայմանօրէն հատուցել մեր ազգերուն ունեցած կորուստը»:
Արարողութեան ներկայ գտնուած են ՀՅԴ Յունաստանի Հայ Դատի յանձնախումբին կողմէ Խաչիկ Ապարեան եւ Արթօ Շեմմաս, ինչպէս նաեւ ՀՅԴ Երիտասարդական Միութեան Կեդրոնական վարչութեան կողմէ Գէորգ Աւագեան: Ներկայ եղած են նաեւ Յունաստանի մէջ ՀՀ դեսպանութեան ներկայացուցիչները:
Խաչիկ Ապարեան ողջոյնի խօսք ուղղած է, շեշտելով համագործակցութեան եւ համադրուած աշխատանքի անհրաժեշտութիւնը, Օսմանեան Թուրքիոյ կողմէ հայ, յոյն եւ ասորի ազգերու պահանջատիրական պայքարի գործընթացին մէջ:
http://asbarez.com/arm/206163/
Leave a Reply