ԵՐԵՒԱՆ, «Երկիր».- Ֆրանսայի խորհրդարանի պատգամաւոր Վալերի Պուայէ յայտնած է, որ աշխատանք կը տարուի խորհրդարանի օրակարգին հասցնելու Հայոց Ցեղասպանութեան ուրացումը քրէականացնող նոր օրինագիծը, որ իր կողմէ ներկայացուած էր անցեալ ամիս:
Ըստ թրքական «Հապերլեր» լրատուական կայքին, որ Պուայէն կը ներկայացնէ իբրեւ «թրքատեաց» քաղաքական գործիչ, ֆրանսացի խորհրդարանականը յայտնած է, որ նոր օրինագիծէն օրինակներ ղրկուած են խորհրդարանի եւ Ծերակոյտի կուսակցական բոլոր խմբակցութիւններուն։
Ըստ Պուայէի՝ արդէն իսկ 40 պատգամաւոր համաձայնած է քուէարկել նոր օրինագիծի օգտին:
Յիշեցնելով Ֆրանսայի նախագահ Ֆրանսուա Հոլանտի նախորդ տարուան Ապրիլ 24ին տուած խոստումը՝ նոր օրինագիծի վաւերացումը ապահովելու վերաբերեալ, Պուայէ ըսած է. «Կ՛ակնկալեմ, որ նախագահը իր տուած խոստումը կը կատարէ»։
Ֆրանսացի պատգամաւորը աւելցուցած է, որ Սուրիոյ եւ Իրաքի մէջ ազգային փոքրամասնութիւններու եւ քրիստոնեաներու նկատմամբ ցեղասպանութիւն կ՛իրականացուի այս օրերուն, եւ քննադատած է Թուրքիոյ դիրքորոշումը:
http://asbarez.com/arm/206010/

Ցեղասպանութեան ուրացումը քրէականացնող Պուայէի նոր օրինագիծը սկսած է հովանաւորներ ապահովելու
•
Վերջին Յաւելումներ
- Երեւանի մէջ՝ «Արցախ. վտանգուած ժառանգութիւն» պատկերագիրքի 2րդ հատորի շնորհահանդէսը
- Թուրքիայի խորհրդարանում ուշադրություն է հրավիրվել հայկական եկեղեցու անմխիթար վիճակի վրա
- Փաշինեան համաձայնած է Թուրքիոյ անվարձահատոյց կերպով տրամադրել Արաքս գետի ջրային պաշարներու բացառիկ իրաւունքները



Leave a Reply