«Արմէնփրես»` վկայակոչելով «կիրեսունկազեթէ» կայքը, կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլու Նիւ Եորք կատարած այցելութեան ընթացքին հանդիպում ունեցած է Միացեալ Նահանգներու մէջ թրքական հասարակական կազմակերպութիւններու ղեկավարներու հետ եւ խօսած Հայոց ցեղասպանութեան մասին:
Հանդիպումին ընթացքին Չաւուշօղլու ներկաներուն յիշեցուցած է, որ հայկական սփիւռքը Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին նուիրուած արշաւի ձեռնարկած է: Ան ըսած է, որ 2015-ը թուրքերուն համար «բախումներու տարի չէ, եւ պէտք չէ զայն քարոզչական պատերազմի ասպարէզ դարձնել»:
Ան ամերիկացի թուրքերուն յիշեցուցած է, որ Թուրքիոյ համար 2015-ը Չանաքքալէի (Տարտանելի) ճակատամարտի տարին է:
http://horizonweekly.ca/news/details/51299

Չաւուշօղլու ամերիկաբնակ թուրքերուն հետ խօսած է Հայոց Ցեղասպանութեան մասին
•
Վերջին Յաւելումներ
- Քոնկրեսի շէնքին մէջ Ցեղասպանութեան ոգեկոչումը տեղի պիտի ունենայ 15 ապրիլին
- Թուրքիան աշխարհում ամենաշատ զենք ունեցող երկրների 10-յակում է
- Հայ դատի 60-ամեակ — բացառիկ հատորի մը հրատարակութեան առիթով



Leave a Reply