«Արմէնփրես»` վկայակոչելով «կիրեսունկազեթէ» կայքը, կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլու Նիւ Եորք կատարած այցելութեան ընթացքին հանդիպում ունեցած է Միացեալ Նահանգներու մէջ թրքական հասարակական կազմակերպութիւններու ղեկավարներու հետ եւ խօսած Հայոց ցեղասպանութեան մասին:
Հանդիպումին ընթացքին Չաւուշօղլու ներկաներուն յիշեցուցած է, որ հայկական սփիւռքը Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին նուիրուած արշաւի ձեռնարկած է: Ան ըսած է, որ 2015-ը թուրքերուն համար «բախումներու տարի չէ, եւ պէտք չէ զայն քարոզչական պատերազմի ասպարէզ դարձնել»:
Ան ամերիկացի թուրքերուն յիշեցուցած է, որ Թուրքիոյ համար 2015-ը Չանաքքալէի (Տարտանելի) ճակատամարտի տարին է:
http://horizonweekly.ca/news/details/51299

Չաւուշօղլու ամերիկաբնակ թուրքերուն հետ խօսած է Հայոց Ցեղասպանութեան մասին
•
Վերջին Յաւելումներ
- Թուրքիայում քուրդ երգչուհի է ձերբակալվել
- Նշելով, որ Մեքքայի համաձայնագիրը ոչ մէկ երկիրի դէմ ուղղուած է. Էրտողան. «Անհրաժեշտ Է, որ Լիբանանի վրայ իսրայէլեան յարձակումները արագ դադրին»
- Թուրքիայում վերականգնվում է «Քառասուն մանուկ» հայկական եկեղեցին (տեսանյութ)



Leave a Reply