100ամեակին՝ մենք առանձնայատուկ կերպով պիտի զբաղինք 1915ի դէպքերով. Էրտողան

ErdoganԵՐԵՒԱՆ, «Երկիր».- Թուրքիոյ նախագահ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողան ելոյթ մը ունեցած է «Մարմարա» համալսարանին մէջ, որուն շրջանաւարտներէն մէկը եղած է ինք: Ըստ «Ակօս» թերթին՝ ան անդրադարձած է պատմական իրադարձութիւններուն մասին ուսումնասիրութիւններ կատարելու կարեւորութեան, իսկ անոր նշած պատմական իրադարձութիւններէն մէկը եղած է Հայոց Ցեղասպանութիւնը, որուն մասին խօսելու ժամանակ գործածած է «1915ի դէպքերը» արտայայտութիւնը:
Էրտողան նախ քննադատած է Անգարայի նախկին քաղաքականութիւնը՝ ըսելով. «Երբ խօսուած է 1915 թուականին մասին, ըսուած է՝ «չլսենք, չտեսնենք», եւ այդպիսով փակուած է նիւթը»:
«Գալիք 2015 թուականին, 1915ի դէպքերու 100ամեակին, մենք առանձնայատուկ կերպով պիտի զբաղինք այդ հարցով», աւելցուցած է Էրտողան ու «դէպքեր»ը ուսումնասիրելու նպատակով, կոչ ըրած է օգտուելու Թուրքիոյ գրադարաններէն, ուր կը գտնենք, թէ Ցեղասպանութիւնը իրագործողները հայերն են եւ ոչ թէ թուրքերը:
http://asbarez.com/arm/205487/

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

October 2014
M T W T F S S
 12345
6789101112
13141516171819
20212223242526
2728293031  

Արխիւ