Ֆրանսայի Ռուպէ քաղաքի մէջ գտնուող վարժարաններէն մէկուն մէջ կրթութիւն ստացող Իպրահիմ Քութլու անունով թուրք աշակերտը դասագիրքի մէջ ընդգրկուած Հայոց ցեղասպանութեան նիւթը անցնելու ժամանակ, յայտարարելով, որ չ’ընդունիր Ցեղասպանութեան փաստը, վէճի բռնուած է աշակերտներէն մէկուն հետ: Այս մասին կը յայտնէ Ermenihaber.am կայքը:
Քութլուն հրապարակաւ յայտարարած է, որ ցեղասպանութիւն չէ եղած եւ դասագիրքի մէջ ընգրկուած նիւթը սուտ է: Այդ պահուն աշակերտներէն մէկը ի պատասխան ըսած է.«ցեղասպանութեան ժամանակ դուն դեռ աշխարհ չէիր եկած, ինչպէ՞ս կրնաս պնդել, որ նման բան չէ եղած”:
Թրքական “հապերվիթրինի” լրատուական կայքի հաղորդմամբ` թուրք աշակերտը վէճի բռնուած է դասընկերոջ հետ, որուն հետեւանքով վարժարանի ղեկավարութիւնը որոշած է ժամանակաւորապէս հեռացնել Քութլուին:
Վարժարանի ղեկավարութիւնը նամակ ուղարկած է թուրք աշակերտի ընտանիքին, ուր կը նշուի, որ աւարտական դասարանի թուրք աշակերտը 2 անգամ զգուշացում ստացած է պատմաաշխարհագրութեան դասին յարձակողական պահուածքի համար: Նամակի մէջ կ’ըսուի, որ իրենց վարժարանի մէջ ազգայնականութիւնն ու քաղաքականութիւնը տեղ չունին:
Վարժարանի ղեկավարութիւնը զգուշացուցած է նաեւ, որ նման արարքի կրկնուլու պարագային թուրք աշակերտի այնտեղ մնալ-չմնալու հարցը արդէն կ’որոշէ կարգապահական կոմիտէն:
http://www.yerakouyn.com/?p=64474
Leave a Reply