Հոկտեմբեր 9-ին Ալմելոյի կեդրոնական գրադարանին մէջ` կազմակերպութեամբ Հայ դատի եւ Քրիստոնէական Միութիւն (CU) կուսակցութեան քաղաքային խմբակցութեան, տեղի ունեցաւ Հայոց Ցեղասպանութեան վերաբերեալ գիրքերու նուիրում գրադարանի տնօրէն Կերդ-Եան Զուէեփին: Այս մասին, ըստ Hayernaysor-ի, Ալմելոյէն կը յայտնէ Մանուկ Մկրտչեան:
«Վաճառուած հոգիներ» գիրքը Հայ Դատի անունէն նուիրեց Մասիս Աբրահամեան, իսկ «Առաջին հոլոքոստ» գիրքը նուիրեց Քրիստոնէական Միութիւն կուսակցութեան քաղաքային խմբակցութեան նախագահ Վաուտեր Տէէոււը:
Ձեռնարկին ներկայ էին Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ վարչութեան, ՀԲԸՄ, ՀՄԸՄ եւ այլ հայկական կառոյցներու ներկայացուցիչներ, բազմաթիւ հոլանտացի հիւրեր, ինչպէս նաեւ Ասորի համայնքի ներկայացուցիչներ:
Նուիրատուութենէն ետք տեղի ունեցաւ միտքերու փոխանակութիւն:
Գրադարանի տնօրէնը իր շնորհակալութիւնը յայտնեց գիրքերուն համար` ընդգծելով Հայոց Ցեղասպանութեան վերաբերեալ գիրքերու առկայութեան կարեւորութիւնը գրադարանին մէջ: «Քանի որ Ալմելոն կը համարուի հայաշատ քաղաք, կարեւոր է, որ քաղաքի բնակչութիւնը գիրքերու ընթերցումով կարենայ իրազեկուած ըլլալ Հայ ազգի նկատմամբ 20-րդ դարու ողբերգութեան» նշեց Կերդ-Եան Զուէեփը:
http://www.yerakouyn.com/?p=64363

Հայոց Ցեղասպանութեան մասին գիրքեր` Ալմելոյի կեդրոնական գրադարանին
•
Leave a Reply