Ամասիոյ վերջին հայը

Ռաֆայէլ Ալթունեան«ՀՈՐԻԶՈՆ».- Թրքական «Ճումհուրիէթ» թերթը, հոկտեմբեր 6-ի իր թիւով ներկայացուցած է Թուրքիոյ Ամասիա քաղաքին մէջ ապրող վերջին հայ քաղաքացիին կեանքը, կենցաղն ու խնդիրները: Ստորև կը ներկայացնենք թերթի վերոնշեալ հրապարակումէն հատուած մը.

«Ամասիոյ մէջ ապրող վերջին հայը՝ Ռաֆայէլ Ալթունեանը կամ անձնագրով` Ֆարուք Ալթունը Ամասիոյ մէջ ապրող վերջին հայն է: Գրեթէ ոչ ոք իր իրական ինքութեան մասին տեղեակ է, որովհետև ան ինքնութիւնը թաքուն պահելով կ՚ապրի: Ճնշումէ եւ օտարացումէ խուսափելու համար անունը փոխած է: Տունը, ուր անցուցած է մանկութիւնը, քաղաքապետարանը խլած է իրմէ, իսկ պապերու և հօր գերեզմաններուն վայրին վրայ իսլամական կրօնական վարժարան հիմնուած է: Ան կը պատմէ, որ հայ ըլլալուն պատճառով դպրոցին մէջ ճնշումներու ենթարկուած է, իսկ բանակին մէջ ամենաշատ ծեծը իրեն բաժին ինկած է:
«Ծնած օրէս այստեղ կ՚ապրիմ և այս հողին վրայ կը ցանկամ թաղուիլ: Մարդ անհատը չի կրնար մերժել իր ինքնութիւնը, ես հայ եմ, քրիստոնեայ եմ: Միշտ ճնշուած եմ, իրաւունքներս ոտնահարուած են։ Երբ ինծի հարց կու տան արմատներուս մասին, կը խուսափիմ պատասխանելէ»:
Ամասիա կը գտնուի Իրիս գետի ափին: Պատմութեան ընթացքին եղած է պոնտական թագաւորութեան մայրաքաղաքը: Թուրքերու կողմէ գրաւուած է 1392-ին: Ըստ աւանդութեան հիմնադրուած է Ալեքսանտր Մակեդոնացիին կողմէ, ի յիշատակ իր հօրեղբօր՝ Ամասիայի:
1830 թուականին ունէր 30000 բնակիչ, որուն 14000-ը՝ հայեր: 1850 թ հայերը 17000 էին: Հայոց եկեղեցիներ էին՝ Ս. Աստուածածին, Ս. Նիկողոս (1218), Ս. Յակոբ (1255) կից նախակրթական վարժարաններով:
Ամասիա ծնած են Պոնտոսի արքայ Միհրդատ VI-ը, յոյն աշխարհագէտ Ստրաբոնը, հայ նշանաւոր բժիշկ Ամիրդովլաթ Ամասիացին (15-րդ դար)։ Ամասիայի մէջ կ՚ապրէին նաև թուրքեր, յոյներ եւ հրեաներ: Ամասիոյ մէջ կը հրատարակուէին «Ամասիա» և «Ապառաժ» թերթերը: Ունէին առաջնորդարան և ազգային հիւանդանոց: 1914-1918 Ամասիոյ հայերը ենթարկուեցան զանգուածային ջարդի ու ոչնչացման: 1929-ին Ամասիոյ մէջ մնացած էին միայն 400 հայեր:
http://horizonweekly.ca/news/details/50113

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

October 2014
M T W T F S S
 12345
6789101112
13141516171819
20212223242526
2728293031  

Արխիւ