Մարդկային իրաւանց դէտը քաղաքական բանտարկեալ կը նկատէ Սեւան Նշանեանը

Սեւան ՆշանեանԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Թուրքիոյ մարդկային իրաւանց իրավիճակին մասին իր հրապարակած նորագոյն տեղեկագիրին մէջ, Մարդկային իրաւանց դէտ (Human Rights Watch) կազմակերպութիւնը անդրադարձած է նաեւ հայազգի լեզուաբան Սեւան Նշանեանի բանտարկութեան պարագային՝ հասնելով այն եզրակացութեան, որ ան քաղաքական բանտարկեալ մըն է։
Սեւան Նշանեանի դէմ կատարուած ամբաստանութիւններէն մէկը այն է, որ ան «ծաղրած է ժողովուրդի մէկ մասին կրօնական զգացումները»։ Մարդկային իրաւանց դէտը նշած է, որ այս ամբաստանութիւնը շատ նման է Թուրքիոյ քրէական օրէնսգիրքի տխրահռչակ թիւ 301 յօդուածով կատարուած բազմաթիւ ամբաստանութիւններուն, որոնք խոտոր կը համեմատին արտայայտուելու ազատութեան սկզբունքին։

http://asbarez.com/arm/204585/

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

October 2014
M T W T F S S
 12345
6789101112
13141516171819
20212223242526
2728293031  

Արխիւ