Հակահայ «Թալէաթ փաշա կոմիտէ»ն կը պատրաստուի 2015-ին

Թալէաթ փաշա կոմիտէՀակահայ գործունէութիւն դրսեւորող թրքական կազմակերպութիւներէն «Թալէաթ փաշա կոմիտէ»ն կը պատրաստուի Հայոց ցեղասպանության 100-ամեակին: Այս մասին յայտարարած է նշեալ կազմակերպութեան ղեկավար Իսմայիլ Հաքքը Բեքինը՝ Ատրպէյճանական vesti.az կայքէջին տուած հարցազրոյցին մէջ:
Այն հարցին, թէ թրքական կողմը ինչպիսի՞ միջոցառումներ կը նախատեսէ հակազդելու համար Հայող ցեղասպանութեան 100-ամեակի հայկական նախաձեռնութիւններուն, Բեքինը պատասխանած է. «իմ տեղեկութիւններով որոշ կազմակերպութիւններու հետ միասին թրքական պետութիւնը գրքեր պիտի հրատարակէ: «Թալէաթ փաշա կոմիտէ»ն 2014-ի հոկտեմբեր 12-ին խորհրդակցական ժողովի պիտի հրաւիրէ իր անդամները, որպէսզի բոլորին ներկայացնենք 2015-ին նախատեսուած մեր գործունէութեան ծրագիրը»:
Թրքական «Ուլուսալքանալ» լրատուական կայքթջի հաղորդմամբ՝ նոյն հակահայ գործիչը տեղեկացուցած է, որ կը նախատեսեն աշխարհի տարբեր երկիրներու մէջ գիտաժողովներ կազմակերպել, հեռարձակել հաղորդումներ տարբեր ռատիոկայաններով ու հեռուստաալիքներով:
http://horizonweekly.ca/news/details/50031

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

October 2014
M T W T F S S
 12345
6789101112
13141516171819
20212223242526
2728293031  

Արխիւ