Արժանթինի մէջ կը սկսի Հայոց Ցեղասպանութեան 100-ամեակի նուիրուած միամեայ արշաւը

Խաչիկ Տէր Ղուկասեան

Տեղի պիտի ունենան քաղաքական, կրօնական, մշակութային եւ ակադեմական ձեռնարկներ: «Արմէնփրես»-ի հետ զրոյցին ընթացքին Պուէնոս Այրեսի Սան Անտրեսի համալսարանի միջազգային յարաբերութիւններու դասախօս փրոֆ. Խաչիկ Տէր Ղուկասեան շեշտեց, որ ձեռնարկներուն նպատակն է քարոզչական լայն արշաւ նախաձեռնել ամբողջ տարուան ընթացքին, հարցին հանրային շեշտադրում տալու համար` նկատի առնելով այն հանգամանքը, որ 2015 թուականին Արժանթինի մէջ տեղի պիտի ունենայ նախագահական ընտրութիւն:
«Համայնքային կազմակերպութիւնները, կեդրոնական ձեռնարկներէն բացի, ձեռնարկներ պիտի կազմակերպեն երկրի այլ հայաշատ քաղաքներուն մէջ: Արժանթինի հայ համայնքը կեդրոնական յանձնախումբին առաջարկած է ձեռնարկներուն մէջ ներառել Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիրին մէջ նախագահներ Ռաուլ Ալֆոնսինի եւ Նեսթոր Քիրչների անունով յուշատախտակներ զետեղելը` իբրեւ շնորհակալութիւն առաջինին` 1987 թուականին ցեղասպանութիւնը հրապարակաւ ճանչնալու, իսկ երկրորդին` 2006 թուականին Արժանթինի խորհրդարանին ներկայացուցած ցեղասպանութեան ճանաչման օրէնքը ընդունելու համար: Առաջարկը ընդունուած է, ուրեմն մենք ջանք պիտի թափենք, եւ մեր նպատակն է, որ Արժանթինի պատուիրակութիւնը մասնակցի 100-ամեակի պաշտօնական նախաձեռնութիւններուն», ըսաւ Խաչիկ Տէր Ղուկասեան: Արժանթինի հայ համայնքը ուշադիր պիտի ըլլայ նաեւ Թուրքիոյ եւ Ազրպէյճանի իրականացուցած ժխտողականութեան փորձերուն եւ պիտի աշխատի անոնց հակազդել: Ըստ Խաչիկ Տէր Ղուկասեանի, արժանթինցի հասարակութիւնը ծանօթ է Հայոց ցեղասպանութեան, կը դատապարտէ եւ կանգնած է հայ ժողովուրդի կողքին: Ճիշդ ատիկա է պատճառը, որ վերջին շրջանին շատ աշխուժացած է թուրք-ազրպէյճանական քարոզչութիւնը: «Պաքուի դիւանագիտական ներկայացուցչութիւնը լուրջ եւ հետեւողական աշխատանք կը կատարէ Խոջալուն իբրեւ «Ցեղասպանութիւն» ճանչնալու ուղղութեամբ: Այս հարցին առնչութեամբ Ազրպէյճան աշխուժ քարոզչութիւն կը ծաւալէ հասարակական եւ քաղաքական շրջանակներու մէջ: Ուրեմն, ե՛ւ իբրեւ համայնք, ե՛ւ իբրեւ պետութիւն, պէտք է անընդհատ աշխատինք, այլապէս անոնց դրամն ու աշխատանքային ներդրումը կրնան լուրջ հարուած հասցնել Հայոց ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման հարցին մէջ մեր կատարած ջանքերուն», ըսաւ Խաչիկ Տէր Ղուկասեան:
Ըստ անոր, Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի լաւագոյն ձեռնարկներէն մէկը պիտի ըլլայ Պուէնոս Այրեսի մէջ Հայոց ցեղասպանութեան թանգարանի գործարկումը: Տակաւին յստակ չէ, թէ շինարարութիւնը ե՛րբ պիտի աւարտի, սակայն նպատակն է, որ ոչ միայն կառոյցը պատրաստ ըլլայ 2015 թուականին, այլեւ կազմակերպուի առաջին ցուցադրութիւնը:
Անդրադառնալով Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեանի Թուրքիոյ նախագահ Էրտողանը 24 ապրիլ 2015-ին Երեւան հրաւիրելու նախաձեռնութեան, Խաչիկ Տէր Ղուկասեան ատիկա նկատեց յանդուգն մարտահրաւէր եւ խելացի պատասխան ապրիլին Էրտողանի արտայայտած «ցաւակցութեան», որ փաստօրէն ցեղասպանութեան «մեղմ» ժխտողականութեան նորագոյն մարտավարութիւնն է` ուղղուած յատկապէս միջազգային հանրային կարծիքին:
http://www.aztagdaily.com/archives/206850

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

October 2014
M T W T F S S
 12345
6789101112
13141516171819
20212223242526
2728293031  

Արխիւ