ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Հայաստանի խորհրդարանի անդամ, երեսփոխան Արագած Ախոյեան, որ Տիգրանակերտ կը գտնուէր, այցելեց Սուր գաւառակի համաքաղաքապետներ Ֆաթմա Շըք Պարութին եւ Սէյիտ Նարինին։ Երեսփոխանը յայտարարեց, որ ան նախապէս Տիգրանակերտ այցելած է եւ հիմա, յարաբերութիւնները աւելի աշխուժացնելու համար, Երեւան կը հրաւիրէ Սուրի երկու համաքաղաքապետները։
«Ճիգ կը թափենք, որպէսզի մեր միջեւ երկխօսութիւնը աւելի աշխուժացնենք», ըսաւ Ախոյեան։ Ան համաքաղաքապետներուն շնորհակալութիւն յայտնեց իրեն նկատմամբ ցուցաբերուած ջերմ ընդունելութեան համար։
Համաքաղաքապետները իրենց գոհունակութիւնը յայտնեցին եւ ըսին, որ զինք կը տեսնեն ո՛չ թէ որպէս հիւր, այլ որպէս տանտէր։ Անոնք ըսին նաեւ, որ իրենք ալ կը ջանան երկխօսութիւնը հասցնել աւելի բարձր մակարդակներու։
http://asbarez.com/arm/204358/

Երեսփոխան Արագած Ախոյեան կը խորհրդակցի տիգրանակերտի Սուր գաւառակի համաքաղաքապետներուն հետ
•
Leave a Reply