Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ «Կարմիր լեռ» կոմիտէի դաստիարակչական-քարոզչական յանձնախումբին եւ Մուսա լերան հերոսամարտի 100-ամեակի կեդրոնական մարմինին` Շաբաթ, 27 Սեպտեմբեր 2014-ին, Այնճարի «Ս. Զէյթլեան» Ժողովրդային տան «Մովսէս Տէր Գալուստեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Այնճարի Եւ Մուսա լերան նուիրուած «Անձեռնմխելի արմատներ» վաւերագրական ժապաւէնին ցուցադրութիւնը: Այս մասին կը հաղորդէ Mousaleranjar.com-ը:
Կազմակերպիչ յանձնախումբերուն անունով ձեռնարկին բացման խօսքը արտասանեց Եսայի Հաւաթեան: Ան բացուած յայտարարեց Մուսա լերան հերոսամարտի 100-ամեակի տարին, որ սկիզբ կ՛առնէ շրջանային անկայուն պայմաններու մէջ: Ան խօսեցաւ դէպի Մուսա լեռ ուխտագնացութեան ու վաւերագրական ժապաւէնի պատրաստութեան հանգրուաններու մասին եւ թէ ինչպէս «Էն. Տի. Եու.» համալսարանի խումբ մը աշակերտներ եւ սկաուտներ` ընկերակցութեամբ Մուսա լերան հերոսամարտի 100-ամեակի կեդրոնական մարմինի անդամներէն Խտըրպէկի թաղապետ Վազգէն Գալոշեանի, որոշած են այցելել Մուսա լեռ` մօտէն ծանօթանալու անոր անցեալին եւ ներկայ իրավիճակին:
Ան իր խօսքին աւարտին շնորհակալութիւն յայտնեց վաւերագրական ժապաւէնը պատրաստող գլխաւոր անձերուն` դոկտ. Մարալ Պօյաճեանին, Լիզա Տորտուլեանին եւ Ասօ Մախուլեանին:
Բացման խօսքին յաջորդեց ժապաւէնի պատրաստութեան գլխաւոր դերակատար դոկտ. Մարալ Պօյաճեանի խօսքը, որ ըսաւ, թէ ուխտագնացութեան մասնակիցները որոշած են մեկնիլ դէպի Մուսա լեռ` Ֆրանց Վերֆելի «Մուսա լերան 40 օրը» վէպին ընթերցումէն ետք, որ առաջարկուած էր «Էն. Տի. Եու.» համալսարանի դասախօս դոկտ. Եուճին Տապպուսի կողմէ:
Դոկտ. Մարալ Պօյաճեան խօսեցաւ ուխտագնացութեան մասնակցողներուն դիմագրաւած դժուարութիւններուն եւ անոնց զգացումներուն մասին, զորս շատ դժուար է արտայայտել, որովհետեւ անոնք ներկայ գտնուած են այն հողերուն վրայ, որոնք ժամանակին պատկանած են մուսալեռցիներուն, իսկ ներկայիս հոն թուրքեր կը բնակին եւ հայկական եկեղեցիները վերածած են մզկիթներու:
Անոնք որոշած են մագլցիլ Մուսա լեռը, ուր 1915 թուականին մուսալեռցիք բարձրացան եւ պայքարեցան 45 օր` պարտութեան մատնելով թրքական բանակը եւ ապա ազատուելով ֆրանսական նաւատորմին կողմէ:
Դոկտ. Մարալ Պօյաճեան խօսեցաւ իրենց ուխտագնացութիւնը վաւերագրական ժապաւէնի վերածելու որոշումին եւ այդ գծով իրենց ունեցած աշխատանքներուն ու դիմագրաւած դժուարութիւններուն մասին:
Լիզա Տորտուլեան խօսեցաւ ուխտագնացութեան մասնակցող ՀՄԸՄ-ի սկաուտներու պատրաստակամութեան եւ անոնց խանդավառութեան մասին:
40 վայրկեաններու ընթացքին ներկաները հետեւեցան Մուսա լերան եւ Այնճարի պատմութիւնը ներկայացնող վաւերագրական ժապաւէնին: Անոնք հետեւեցան ուխտագնացներուն դէպի լեռը արշաւանքին եւ լերան գագաթը կիսաւերակ Մուսա լերան յուշարձանին կողքին անոնց աղօթքներուն, խաչքարի կազմութեան եւ Մուսա լերան շուրջպարին:
Ժապաւէնին ցուցադրութենէն ետք ՀՅԴ «Կարմիր լեռ» կոմիտէին եւ դաստիարակչական-քարոզչական յանձնախումբին անունով գնահատանքի յուշանուէրներ յանձնուեցան դոկտ. Մարալ Պօյաճեանի, Լիզա Տորտուլեանի, Ասօ Մախուլեանի եւ Գրիգոր Եագուպեանի` իրենց կամաւոր աշխատանքին համար:
Այնուհետեւ Ասօ Մախուլեան անդրադարձաւ ժապաւէնի նկարահանման հանգրուաններուն:
Ձեռնարկի աւարտին ներկաները առիթը ունեցան հարցումներ ուղղելու ժապաւէնը պատրաստող դերակատարներուն:
http://www.yerakouyn.com/?p=63694

«Անձեռնմխելի արմատներ» վաւերագրական ժապաւէնին ցուցադրութիւնը Այնճարի մէջ
•
Leave a Reply