ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Ֆրանսահայ յայտնի երգիչ եւ Զուիցերիոյ մօտ ՀՀ դեսպան Շարլ Ազնաւուր, «RTS» կայանին տրուած հարցազրոյցի մը ընթացքին իր դժգոհութիւնը յայտնած է այն բանին համար, որ Թուրքիա կը շարունակէ ժխտել Հայոց Ցեղասպանութիւնը:
Նշելով, որ Թուրքիոյ նախագահ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողան Ցեղասպանութեան 100ամեակին առիթով հրաւիրուած է Հայաստան, Ազնաւուր ըսած է. «Ան տակաւին չէ պատասխանած, սակայն եթէ գայ, ես ալ անոր հետ կ՛երթամ»:
Ազնաւուր նաեւ յոյս յայտնած է, որ նախքան իր մահը, հայերու եւ թուրքերու միջեւ յարաբերութիւնները կը կարգաւորուին:
http://asbarez.com/arm/204141/

Ազնաւուր կը խոստանայ Էրտողանին ուղեկցիլ դէպի Ծիծեռնակաբերդ
•
Վերջին Յաւելումներ
- Փաշինյանը կարճ զրույց է ունեցել Թուրքիայի փոխնախագահի հետ
- ԱԺ-ն առաջին ընթերցմամբ ընդունել է ԹՐԻՓՓ-ի ընկերության ստեղծմանն առնչվող օրենսդրական փաթեթը
- Գրիգոր Գելեգեանի մասին քննարկում



Leave a Reply