ԱԹԷՆՔ, «Ազատ Օր».- Հովուապետական այցով Յունաստան գտնուող Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոս, «Ազատ Օր» թերթին տուած հարցազրոյցին մէջ կը յայտնէ, թէ «շատ հաւանաբար, հոկտեմբեր ամսուան ընթացքին, մենք այլեւս պաշտօնապէս մեր դատը պիտի ներկայացնենք Թուրքիոյ Հանրապետութեան սահմանադրական դատարան: Ապա՝ Եւրոպայի մարդկային իրաւանց դատարան, նկատի ունենալով, որ հոն կարելի է դիմել այն պարագային, երբ բան մը մերժուի տեղական դատարանին կողմէ»:
Յիշատակուած դատը կը վերաբերի Սիսի կաթողիկոսարանը իր իրաւատիրոջ վերադարձնելու պահանջին, որուն մասին ակնարկած էր Արամ Ա., Հայաստան-Սփիւռք 5րդ համաժողովին առջեւ իր ունեցած ելոյթին ընթացքին:
http://horizonweekly.ca/news/details/49583

Արամ Ա. հոկտեմբերին Սիսի Կաթողիկոսարանի հարցով պիտի դիմէ Թուրքիոյ դատարան
•
Վերջին Յաւելումներ
- Երեւանի մէջ՝ «Արցախ. վտանգուած ժառանգութիւն» պատկերագիրքի 2րդ հատորի շնորհահանդէսը
- Թուրքիայի խորհրդարանում ուշադրություն է հրավիրվել հայկական եկեղեցու անմխիթար վիճակի վրա
- Փաշինեան համաձայնած է Թուրքիոյ անվարձահատոյց կերպով տրամադրել Արաքս գետի ջրային պաշարներու բացառիկ իրաւունքները



Leave a Reply