Զուիցերիոյ Լոզան քաղաքին մէջ “Հայ Տերսիմ” խորագրով իրականացած է Տերսիմի հայերուն զօրակցութեան օր Տերսիմի հայերու նկատմամբ կիրառուած ցեղասպան քաղաքականութեան եւ անոնց ներկայ վիճակին վերաբերեալ: Ըստ Armenpress.am-ի՝ այս մասին կը տեղեկացնէ թրքական Demokrathaber.net-ը:
Ձեռնարկի ընթացքին ելոյթներով հանդէս եկած են տերսիմահայերու ընկերութեան ներկայացուցիչներ Սթեֆան Ճեմ Հալաւուրթը եւ Ռոպեր Ռեճեփ Քայեանը, որոնք նշած են, որ Հրանդ Տինքի` սեփական կեանքը արժած հաւատքն ու կեցուածքը մեծապէս ոգեշնչած են Տերսիմի հայերը:
Անոնք ուշադրութիւն հրաւիրած են այն փաստին վրայ, որ 1915 թուականէն առաջ եւ յետոյ տերսիմահայերու հետ տեղի ունեցածը իսկական ցեղասպանութիւն եղած է: Կարեւոր համարելով տարածաշրջանին մէջ եկեղեցիներու, վանքերու եւ դպրոցներու վերանորոգման աշխատանքները` Հալաւուրթը յայտնած է, որ իրենց յառաջիկայ ծրագրերուն մէջ են կրօնական դասընթացներ սկսիլը եւ Տերսիմի կեդրոնը եկեղեցի կառուցելը:
Ձեռնարկի մասնակիցներէն Յովսէփ Սէյրանի փաստած է, որ ցեղասպանութիւնը այսօր ալ կը շարունակուի տարբեր ձեւերով: Անոր համոզումով` անցեալէն մնացած հետքերու եւ մշակոյթի ոչնչացման ուղղուած ջանքերը եւս ցեղասպանութեան ուղեկցող գործողութիւններ են:
Իր խօսքով ներկաներուն դիմած է ձեռնարկին ներկայ Ռաքէլ Տինքը` Հրանդ Տինքի այրին, որ տերսիմահայերուն կոչ ուղղած է չվախնալու սեփական արմատներուն վերադառնալու գաղափարէն: “Միայն այդպէս հնարաւոր պիտի ըլլայ հասարակութեան նպաստել իրականութեան հետ առերեսուելուն: Մէկս միւսիս աւելի մտերմացնողը մեր ընդհանուր ցաւերն են”,- ըսած է Ռաքէլ Տինքը:
Ձեռնարկին ելոյթներով հանդէս եկած են երգչուհի Յասմիկ Յարութիւնեանը, աշխարհահռչակ դուդուկահար Ջիւան Գասպարեանը:
http://www.yerakouyn.com/?p=63666

Հրանդ Տինքի այրին տերսիմահայերուն կոչ կ’ուղղէ չվախնալու արմատներուն վերադառնալէն
•
Leave a Reply