Իտալիոյ Ծերակոյտի տան մէջ, երեքշաբթի, սեպտեմբերի 23ին տեղի ունեցաւ «Հայերը. Ցեղասպանութիւն եւ Իտալական՝ 20րդ դար» խորագիրով գիտաժողովը:
Գիտաժողովին, որ կազմակերպուած էր Իտալիոյ երկու պալատներուն կողմէ ձեւաւորուած Հայաստանի հետ բարեկամութեան խումբը՝ Իտալիոյ մօտ ՀՀ դեսպանութեան հովանու ներքոյ, ներկայ էին իտալացի ծերակուտականներ եւ երեսփոխաններ, հասարակական գործիչներ, ուսանողներ, լրագրողներ եւ իտալահայ համայնքի ներկայացուցիչներ:
Ողջոյնի խօսքով ներկաներուն դիմեցին բարեկամութեան խումբի խորհրդի նախագահ, ծերակուտական Էմիլիա Կրացիա տէ Պիազի, փոխնախագահ, երեսփոխան Ֆլաւիա Նարտելլի Փիքոլի, խումբի անդամ պատգամաւոր Սանտրա Զամփան, ինչպէս նաեւ Իտալիոյ մօտ ՀՀ դեսպան Սարգիս Ղազարեան:
Գիտաժողովի բանախօսներին էին Ցեղասպանագէտներու միջազգային ասոցիացիայի նախագահ, Սիենայի համալսարանի պատմագիտութեան դասախօս, փրոֆեսէօր Մարչելօ Ֆլորես, Հռոմի Լումսա համալսարանի դասախօս փրոֆեսէօր Փաուլօ Աքանֆորա, յայտնի գրող, Փատովայի համալսարանի իտալական արդի գրականութեան դասախօս, փրոֆեսէօր Անթոնիա Արսլան, Պոլոնիայի համալսարանի հայագիտութեան ամպիոնի վարիչ Կապրիէլա Ուլուհոջեան եւ Իտալիոյ հայերու միութեան նախկին նախագահ, Միլանի ու Թրենթոյի համալսարաններու ընկերաբանութեան դասախօս, փրոֆեսէօր Յակոբ Մանուկեան:
Ծերակուտական տէ Պիազի ընթերցեց Իտալիոյ նախագահի գլխաւոր քարտուղար Տոնաթօ Մարոյի՝ նախագահ Նափոլիթանոյի եւ Ծերակոյտի նախագահ Փիեթրօ Կրասոյի անունով՝ գիտաժողովին յղուած ողջոյնի ուղերձները, որոնց մէջ կը շեշտուէր 20րդ դարու ամենաողբերգական էջերէն մէկուն վերաբերեալ գիտաժողովի կայացումը եւ դարերու արմատներ ունեցող հայ-իտալական բարեկամական յարաբերութիւնները:
Ծերակուտական տէ Պիազի իր խօսքին մէջ անդրադարձաւ իսլամականներու կողմէ Տէր Զօրի Սրբոց Նահատակաց եկեղեցւոյ ականահարման եւ յայտարարեց, որ իրաւունք կը վերապահէ ինքն իր անձին՝ Իտալիոյ քաղաքական եւ հասարակական շրջանակներու անունով դատապարտելու այդ բարբարոսութիւնը եւ համերաշխութիւն յայտնելու հայ ժողովրդին:
Դեսպան Սարգիս Ղազարեան շնորհակալութիւն յայտնեց գիտաժողովի կազմակերպիչներուն եւ բանախօսներուն, ներկաներուն, որոնց շարքին՝ Հռոմի դպրոցներէն մէկուն աւարտական դասարանի աշակերտներուն ու անոնց ուսուցչուհիին, որոնք 2013-2014 ժամանակաշրջանին ժապաւէն մը պատրաստած են Հայոց Ցեղասպանութեան մասին:
http://asbarez.com/arm/204085/

«Հայերը. Ցեղասպանութիւն եւ իտալական 20րդ դար». գիտաժողով Իտալիոյ Ծերակոյտի տան մէջ
•
Leave a Reply