Արամ Ա. հոկտեմբերին Սիսի Կաթողիկոսարանի հարցով պիտի դիմէ Թուրքիոյ դատարան

Արամ Ա. կաթողիկոսԱԹԷՆՔ, «Ազատ Օր».- Հովուապետական այցով Յունաստան գտնուող Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոս, «Ազատ Օր» թերթին տուած հարցազրոյցին մէջ կը յայտնէ, թէ «շատ հաւանաբար, հոկտեմբեր ամսուան ընթացքին, մենք այլեւս պաշտօնապէս մեր դատը պիտի ներկայացնենք Թուրքիոյ Հանրապետութեան սահմանադրական դատարան: Ապա՝ Եւրոպայի մարդկային իրաւանց դատարան, նկատի ունենալով, որ հոն կարելի է դիմել այն պարագային, երբ բան մը մերժուի տեղական դատարանին կողմէ»:
Յիշատակուած դատը կը վերաբերի Սիսի կաթողիկոսարանը իր իրաւատիրոջ վերադարձնելու պահանջին, որուն մասին ակնարկած էր Արամ Ա., Հայաստան-Սփիւռք 5րդ համաժողովին առջեւ իր ունեցած ելոյթին ընթացքին:
http://horizonweekly.ca/news/details/49583

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

September 2014
M T W T F S S
1234567
891011121314
15161718192021
22232425262728
2930  

Արխիւ