Ըստ Կիրօ Մանոյեանի. «Գրողի ծոցը վաւերացնէք»-ը Էրտողանին հասկնալի ոճով ըսուած էր

Կիրօ ՄանօյեանՀՅԴ Բիւրոյի Հայ դատի եւ քաղաքական հարցերու գրասենեակի պատասխանատու Կիրօ Մանոյեան դրական եւ ուժեղ որակեց Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեանի` ՄԱԿ-ի Ընդհանուր ժողովի 69-րդ նստաշրջանին ելոյթը:
«Արմէնփրես»-ին հետ զրոյցին ընթացքին Կիրօ Մանոյեան յայտնեց, որ Նախագահի ելոյթին մէջ կային ճիշդ շեշտադրումներ թէ՛ հայ-թրքական յարաբերութիւններու, թէ՛ արցախեան հիմնահարցին վերաբերեալ:
«Նախագահը այդ բարձր ատեանէն բացայայտեց Ազրպէյճանի քաղաքականութիւնը: Շատ յատկանշական է, որ Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի հարցին առնչութեամբ Սարգսեան խօսեցաւ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի բանաձեւերուն մասին եւ շեշտեց, որ Ազրպէյճան չի կատարեր բանաձեւերու պահանջները: Կարեւոր էր նաեւ այն, որ նախագահը յայտնեց, որ Ազրպէյճան դժգոհ է ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահներու առաջարկներէն եւ կը փորձէ հարցը տեղափոխել անտեղեակ, ես կ՛աւելցնէի նաեւ կաշառուող ատեան», յայտնեց Կիրօ Մանոյեան:
Ըստ անոր, նախագահը շատ ճիշդ շեշտադրումներ կատարեց նաեւ հայ-թրքական յարաբերութիւններուն մասին խօսելուն ընթացքին: Կիրօ Մանոյեան յայտնեց, որ նախագահը տեղին պատասխան տուաւ Թուրքիոյ կեղծ ցաւակցութիւններուն եւ բացայայտեց արդարութեան, պատմական անցեալի ու վիշտի մասին թրքական արտայայտութիւններուն էութիւնը: Ինչ կը վերաբերի «Գրողի ծոցը վաւերացնէք» արտայայտութեան, ըստ Մանոյեանի, ատիկա ոչ միայն ուղղուած էր Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանին, այլեւ Էրտողանին հասկնալի ոճով ըսուած էր:
«Ողջունելի է, որ պաշտօնական Երեւանի մէջ կը քննարկուի արձանագրութիւնները Ազգային ժողովէն ետ կանչելու հարցը: Վստահ չեմ, որ ատիկա կը նշանակէ նաեւ ստորագրութեան ետ կանչում, իսկ մեր ակնկալիքն ու պահանջը ճիշդ ատիկա է, որովհետեւ Հայաստանի ստորագրութիւնը ետ կանչելով վերջակէտ պիտի դրուի: Ինչ կը վերաբերի «Գրողի ծոցը վաւերացնէք» արտայայտութեան, ապա ճիշդ պատասխան էր Թուրքիոյ նախագահի ոճին: Այս բառերով նախագահը ներկայացուց հասարակութեան տեսակէտը Թուրքիոյ այն դիրքորոշումին, որ սահմանի բացումը եւ յարաբերութիւններուն հաստատումը կը կապէ Ղարաբաղի հարցին հետ», յայտնեց Մանոյեան` աւելցնելով, որ ճիշդ պիտի ըլլար ելոյթին մէջ օգտագործել նաեւ հետեւանքներու վերացում արտայայտութիւնը:
Ըստ անոր, նախագահի ելոյթին լուրջ ուշադրութիւն կը դարձնեն քաղաքական կուսակցութիւններն ու քաղաքական գործիչները, որովհետեւ բազմիցս ելոյթ ունենալով ՄԱԿ-ի ամպիոնէն, Հայաստանի նախագահը առաջին անգամ ըլլալով նման ելոյթ մը ունեցած է եւ ելոյթին ձեւն ու շեշտադրումները վստահաբար պէտք է գրաւեն միջազգային տարբեր ուժերու ուշադրութիւնը:
http://www.aztagdaily.com/archives/205736

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

September 2014
M T W T F S S
1234567
891011121314
15161718192021
22232425262728
2930  

Արխիւ