Տէրսիմահայութեան զօրակցութեան օր Զուիցերիոյ մէջ

ՏէրսիմՄԱԹԻԿ ԷՊԼԻՂԱԹԵԱՆ
Նախաձեռնութեամբ Ժընեւի եւ Լեման շրջանի Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ Ծխական խորհուրդին եւ համագործակցութեամբ «Ռուայալ» (ROYAL) հիմնադրամին ու Հայ Տէրսիմ կազմակերպութեան, տօնահանդէս մը պիտի կատարուի շաբաթ, 27 սեպտեմբերին, Ժընեւ եւ Լոզան քաղաքներու ճամբուն ընթացքին Ռընեն աւանին մէջ, մասնակցութեամբ հայրենիքէն, Սփիւռքէն նաեւ թրքահայ ու տէրսիմցի խումբ մը արուեստագէտներու եւ մտաւորականներու:
Գեղարուեստական յայտագիրին կը մասնակցին Ճիւան Գասպարեան եւ Յասմիկ Յարութիւնեան, ինչպէս նաեւ՝ Ահմետ Ասլան, Կիւլ Մայերա ու Ճեսթիա-Նեքաթի Թէյհանի:
Ազգագրական աւանդը պիտի ներկայացուի երեսուն հոգիներէ բաղկացած «Արաքս Սասուն» համոյթին կողմէ, դհոլի, զուռնայի եւ քլարինեթի մենակատարներու այլ ելոյթներով:
Որպէս բանախօս հրաւիրուած են Մազկերտի քաղաքապետ Թեքին Թուրքել, Օւաճըքի քաղաքապետ Ֆաթիհ Մաչօղլու ու IDHF կազմակերպութեան ներկայացուցիչը:
Ասմունքով իր մասնակցութիւնը պիտի բերէ Մեհմետ Չեթին:
Պիտի կատարուի բազմաձայն զրոյց, մասնակցութեամբ նահատակ Հրանդ Տինքի այրիին՝ Ռաքէլ Տինքի, «Ակօս»ի խմբագրական կազմէն Սարգիս Սերոբեանի, Յովսէփ Հայրենիի, Այշէ Հուրի եւ Էրտալ Տողանի:
Կը նախատեսուի շուրջ հազար հանդիսատեսներու ներկայութիւնը, յայտագիրի գործադրութեան ընթացքին պիտի ցուցադրուի Տէրսիմի շրջանին մէջ գտնուող Հալուորի Ս. Կարապետ վանքի վերակառուցման ծրագիրի տեսաերիզը։ Այդ պատմական վանքի աւերակները մինչեւ այսօր սրբատեղի-ուխտավայր են նոյնիսկ շրջանի այլ կրօնքներու, յատկապէս ալեւիներու մօտ:
Ձեռնարկի նպատակն է զօրակցիլ մեր պատմական հողերուն վրայ ապրող տէրսիմահայերուն, որոնք դար մը առաջ իրենց ինքնութեան կորուստի դառն ճակատագիրին ենթարկուած են, եւ այսօր գիտակցելով այդ եղելութեան, կը ջանան վերադառնալ իրենց արմատներուն:
Ուշագրաւ երեւոյթ է նաեւ այդ բնօրրանին վրայ ապրող այլ ցեղերու դրական վերաբերմունքը տէրսիմահայութեան նկատմամբ, աջակցելով անոր այս մեծ երազին՝ ինքնութեան դարձին:
http://asbarez.com/arm/203698/

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

September 2014
M T W T F S S
1234567
891011121314
15161718192021
22232425262728
2930  

Արխիւ