Հայաստանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպանատունը հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով յայտարարեց, որ դեսպանատունը կը միանայ Հայաստանի կառավարութեան ու ժողովուրդին` խստիւ դատապարտելով Սուրիոյ Տէր Զօր քաղաքին մէջ Սրբոց Նահատակաց հայկական եկեղեցւոյ աւերումը:
Յայտարարութեան մէջ կ՛ըսուի. «Այս անմիտ աւերածութիւնը դարձեալ կը փաստէ ՏԱՀԵՇ ահաբեկչական կազմակերպութեան բացարձակ քամահրանքը Միջին Արեւելքի հարուստ կրօնական եւ մշակութային ժառանգութեան նկատմամբ:
«Ինչպէս նշած է արտաքին գործոց նախարար Քերրին, ՏԱՀԵՇ-ը համակարգուած կերպով կատարած է մարդու իրաւունքներու եւ միջազգային իրաւունքի խախտումներ եւ կը հանդիսանայ համաշխարհային ահաբեկչական սպառնալիք: Այս սպառնալիքին դէմ դնելու համար Միացեալ Նահանգներ կոչ կ՛ուղղեն միջազգային ընտանիքին ամրապնդելու միասնական ջանքերը` կազմալուծելու եւ վերացնելու ՏԱՀԵՇ-ը»:
Նաեւ` Քոնկրեսի Անդամներ
Միացեալ Նահանգներու Քոնկրեսի անդամները սկսած են իրենց դժգոհութիւնը յայտնել եւ դատապարտել Տէր Զօրի Հայոց ցեղասպանութեան նուիրուած թանգարան-եկեղեցւոյ ՏԱՀԵՇ-ի կողմէ աւերումը:
«Ասպարէզ» կը գրէ, որ Քոնկրեսի ներկայացուցիչներ Ֆրենք Փալոն, Ճիմ Քոսթա եւ Էտըմ Շիֆ յայտարարութիւններ հրապարակած են` արտայայտելով իրենց վրդովմունքը ՏԱՀԵՇ-ի բարբարոսական գործողութիւններուն նկատմամբ:
Փալոն յայտարարած է. «Ես խորապէս հիասթափուած եւ բարկացած եմ Տէր Զօրի մէջ Հայոց ցեղասպանութեան յուշարձան-եկեղեցւոյ աւերումով: Այս եկեղեցին կանգուն էր` ոգեկոչելու եւ պատուելու հարիւր հազարաւոր հայեր, որոնք մահացած էին Տէր Զօրի ճամբուն վրայ` օսմանցի թուրքերու կազմակերպած 20-րդ դարու առաջին ցեղասպանութեան ժամանակ: Այդ ահաւոր պատմական իրողութիւնը յիշատակող եկեղեցւոյ աւերումը պէտք է արժանանայ միջազգային արձագանգի»:
«Ես խստօրէն կը դատապարտեմ Սուրիոյ մէջ Իսլամական պետութեան կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան յուշակոթողի աւերումը», գրած է Քոսթա թուիթըրեան իր էջին վրայ:
Իր կարգին Շիֆ իր յայտարարութեան մէջ ըսած է. «ՏԱՀԵՇ-ի գործադրած աւերումը Տէր Զօրի Հայոց ցեղասպանութեան յուշակոթողին մէջ յաւելեալ օրինակ է Իրաքի եւ Սուրիոյ մէջ տիրող նողկալի բարբարոսութեան, որ կ՛ահաբեկէ միլիոնաւոր մարդիկ: Այն հանգամանքը, որ յուշակոթողը նուիրուած էր ցեղասպանութեան զոհերուն, ցաւալի ու սարսափեցնող է, երբ պատկերացնենք, թէ ի՛նչ կրնան ընել ՏԱՀԵՇ-ի զինեալները սուրիացի քրիստոնեաներուն: Մենք պէտք է աջակցինք միջազգային դաշինքին, որ օդային հարուածներու միջոցով կը փորձէ օգնել Սուրիոյ եւ Իրաքի բնակչութեան` ազատելու այս քաղցկեղէն»:
http://www.aztagdaily.com/archives/205549
Leave a Reply