ԵՐԵՒԱՆ, «Փանորամա».- Թրքական «Ռոքեսթան» ընկերութիւնը սկսած է «Քասիրկա Թի. 300» տիպի համազարկային կրակի հրթիռային համակարգերու (ՀԿՌՀ) մեծ խմբաքանակ մը Ատրպէյճան առաքելու. այս մասին թուրք լրագրողներու յայտնած է ընկերութեան գործադիր տնօրէն Էյուպ Ղափթանը։ Ան նշած է, որ սոյն համակարգերու մարտագլխիկները աւելի մեծ տրամաչափ ունին քան տարածաշրջանին մէջ ներկայիս հաստատուած նմանատիպ համակարգերը, ու կը կարծուի, որ անոնք աւելի հզօր են քան ռուսական «Սմեր»չ համակարգերը:
Ռազմական փորձագէտ Հրաչեայ Պետրոսեանցը նշած է, որ թուրք-ատրպէյճանական ռազմական համագործակցութեան շրջանակներուն մէջ, Թուրքիա խոստացած էր կարելին ընել՝ ատրպէյճանական բանակը լաւապէս վերազինելու համար: «Այսինքն, մենք նմանատիպ լուրերի պէտք է պատրաստ լինենք», ըսած է ան:
Պետրոսեանց նշած է, որ «Քասիրկա Թի. 300» տիպի համակարգերը «Սմեր»չէն աւելի հեռահար չեն, եւ աւելցուցած է, որ երկու համակարգերուն ալ մարտագլխիկները ունին նոյն տրամաչափը՝ 300 մմ.:
«Մենք պէտք է մտածենք, թէ ինչպիսի՛ հակաքայլեր իրականացնենք: Յամենայնդէպս, այսօրուան մեր ունեցած հակամիջոցներով, մենք նմանատիպ բոլոր կայանքները ի վիճակի ենք շարքից հանելու, այսինքն՝ մեր ունեցած միջոցներով հնարաւորութիւն ունենք թոյլ չտալու, որ դրանք արդիւնաւէտ օգտագործեն մարտի դաշտում», նշած է փորձագէտը:
«ՀԿՌՀ կայաններ ճշգրտութիւն չունեն. նախատեսուած են կենդանի ուժի կուտակումների վրայ հարուածներ հասցնելու համար», ընդգծած է Պետրոսեանց:
Եւրոպայի մէջ աւանդական սպառազինութեան մասին պայմանագիրի խախտումներու տեսանկիւնէն՝ Պետրոսեանց նշած է, որ Ատրպէյճան արդէն իսկ քանի մը անգամով գերազանցած է արտօնուած քանակը։ «Իսկ եթէ սա էլ գումարում ենք՝ թուերը բազմապատկւում են», եզրակացուցած է ան:
http://asbarez.com/arm/203282/
Leave a Reply