Գերմանիոյ խորհրդարանին մէջ Ցեղասպանութեան վերաբերեալ քննարկում

ՊԵՐԼԻՆ, «Արմէնփրէս».- 2015ին, Գերմանիոյ խորհրդարանը Հայոց Ցեղասպանութեան վերաբերեալ քննարկում պիտի կազմակերպէ եւ կը նախատեսուի, որ խորհրդարանականները այդ կապակցութեամբ բանաձեւ մը վաւերացնեն:
Քրիստոնեայ ժողովրդավար կուսակցութեան պատգամաւոր եւ խորհրդարանի Արտաքին կապերու յանձնաժողովի անդամ Մանֆրետ Կրունտ ըսած է. «Խորհրդարանի նախագահին հետ խօսած եմ եւ հիմա կը քննարկենք, թէ՝ ի՞նչ ձեւաչափ ընտրել, որպէսզի յաջորդ տարի յիշատակենք այդ սարսափելի ոճրագործութեան հարիւրամեակը: Ամենայն հաւանականութեամբ, խորհրդարանը պիտի վաւերացնէ նաեւ բանաձեւ մը՝ այդ իրադարձութիւններուն վերաբերեալ»։
http://asbarez.com/arm/203275/

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

September 2014
M T W T F S S
1234567
891011121314
15161718192021
22232425262728
2930  

Արխիւ