Քանատայի Մոնթրէալ քաղաքի «Մըքկիլ» համալսարանի Փոլաքի անուան հռչակաւոր համերգասրահին մէջ շաբաթ, սեպտեմբեր 13ին կայացաւ հանրայայտ «Մոլինարի» քառեակի համերգը, որ հանդիսացաւ Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամեակի ոգեկոչման մեկնարկի ձեռնարկը Քանատայի մէջ:
Բացման խօսքով հանդէս եկաւ Քանատայի մօտ ՀՀ դեսպան Արմէն Եգանեան, որ մատնանշեց Հայոց Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման կարեւորութիւնը՝ իբրեւ մարդկութեան դէմ ոճիրներու կանխարգիլման անհրաժեշտ պայման:
500 հոգի կազմող բազմութիւնը ունկնդրեց Արամ Խաչատրեանի, Տիգրան Մանսուրեանի, Լեւոն Չաւուշեանի եւ Ջիւան Տէր Թադեւոսեանի ստեղծագործութիւնները:
http://asbarez.com/arm/203242/

Քանատայի մէջ մեկնարկեցին Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամեակին նուիրուած ձեռնարկները
•
Leave a Reply