Մուսա Լերան հերոսամարտի 99ամեակի տօնակատարութիւններ՝ Մուսա Լերան տոհմիկ երեկոյ

Մուսա Լերան Հերոսամարտի 99ամեակի ՏօնակատարութիւնԿազմակերպութեամբ Այնճարի ԼՕԽի «Աղթամար» մասնաճիւղին, ուրբաթ, 12 սեպտեմբերի երեկոյեան ժամը 8էն սկսեալ, Այնճարի «Սարգիս Զէյթլեան» ժողովրդային տան շրջափակին մէջ տեղի ունեցաւ Մուսա լերան տոհմիկ երեկոյ, որուն ներկայ էին աւելի քան 1000 հայրենակիցներ:
Ձեռնարկի բացման խօսքը արտասանեց մասնաճիւղի ատենապետ Ցօղիկ Հաւաթեան, որ իր խօսքին մէջ ըսաւ. «Աւանդութիւն դարձած այս երեկոն «տոհմիկ» անուան տակ պիտի մնայ յուշարարը մեր բոլոր աւանդութիւններուն, ըլլան անոնք ճաշատեսակներ թէ տարբեր բնոյթի մշակութային ելոյթներ»: Ան յատուկ շնորհակալութիւն յայտնեց ԼՕԽի Շրջանային վարչութեան եւ բոլոր բարերարներուն, որոնք սատար հանդիսացան այս ձեռնարկի յաջողութեան:
Երեկոն հանդիսավարեցին Յակոբ Այնթապլեան եւ Լալիկ Խօշեան: Անոնք վեր առնին ԼՕԽի գործունէութիւնը, որ իր կամաւոր աշխատակազմով, մեր ազգային կեանքին մէջ իր կենսունակ գործունէութեամբ ստեղծած է ծառայութիւն մատուցելու հիասքանչ առօրեայ մը, ուր ինքնահոս ու հեզասահ կերպով կեանքի կը վերածուին հսկայ ծրագիրներ:
Երգիչներ Սիլվա Քեչեճեան, Յովիկ Թաֆրանեան եւ Նշան Վարդանեան ազգագրական, աշուղական եւ ժողովրդային երգերով ճոխացուցին երեկոն:
Ելոյթ ունեցաւ Ազգային Յառաջ-Գ. Կիւլպենկեան երկրորդական վարժարանի պարախումբը՝ պարուսոյց ունենալով Ժիրայր Քեչեճեանը:
Փոքրիկներ Աշոտ Գարագաշեան եւ Լիւսի Հերկելեան ներկայացուցին զաւեշտական երգ մը՝ ամուսնոյն եւ կնկան վէճը Մուսա լերան բարբառով:
Քեսապի բարբառով աշուղական երգեր ներկայացուց Աշուղ Ժիրայր (Ժիրայր Թրթռեան):
Այնուհետեւ Մարիա Աբէլեան, Նազանի Ադամեան եւ Մարիա Գալինճեան ներկայացուցին ազգային հայրենասիրական երգեր:
Ձեռնարկին ընթացքին ԼՕԽի «Աղթամար» մասնաճիւղի անդամները վաճառեցին Այնճարի աւանդական ճաշատեսակներ եւ անուշեղէն:
Երեկոն շարունակուեցաւ աւանդական ճոխ մթնոլորտի մէջ, Մուսա լերան թմբուկ-զուռնայով, որուն ժողովուրդը մասնակցեցաւ ազգագրական պարերով՝ խանդավառութիւնը հասցնելով իր գագաթնակէտին:
Ձեռնարկին ընթացքին կատարուեցան նուիրատուութիւններ մասնաճիւղի դարմանատան վերանորոգութեան համար:
Ձեռնարկին ներկայ էին գիւղի հոգեւոր պետերը, ՀՅԴ «Կարմիր լեռ» կոմիտէն, միութիւններու ներկայացուցիչներ եւ մեծ թիւով հայրենակիցներ:
http://asbarez.com/arm/203122/

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

September 2014
M T W T F S S
1234567
891011121314
15161718192021
22232425262728
2930  

Արխիւ