Նշմար. Նուաստարար հնգամեայ բաժակը

Աղթամար կղզիի Ս. ԽաչՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ
Այս կիրակի Աղթամար կղզիի Ս. Խաչ եկեղեցւոյ մէջ Խաչվերացի տօնին առիթով, սակայն այդ տօնէն մէկ շաբաթ առաջ պիտի մատուցուի Ս. պատարագ: 5 տարիէ ի վեր շարունակ վերանորոգուող ջղագրգիռ սպասման վիճակը այս տարի ալ «խերով բարով» աւարտած է:

Թուրքիոյ իշխանութիւնները իրենց երկրին հայ քաղաքացիներուն այս տարի եւս պարգեւեցին այն մտմտուքը, թէ արդեօք այս տարի ալ պիտի յարգուի՞ թանգարանի վերածուած մեր եկեղեցւոյ մէջ տարին մէկ անգամ կրօնական արարողութիւն կատարելու արտօնութեան խոստումը: Անշուշտ գոյութիւն ունի այն սպասումը, որ նշեալ խոստումի յարգումին լոյսին տակ, հայ ժողովուրդը իր իսկ եկեղեցւոյ մէջ տարին մէկ անգամ պատարագ մատուցելու իրաւունքի տուչութեան «վեհանձնութեան» համար երախտապարտ ըլլայ: Այս նուաստացուցիչ հոլովոյթը արդէն վերածուած է աւանդութեան: Հարցը միայն այսքանով չ՛աւարտիր. թանգարանի վերածուած մեր եկեղեցւոյ մէջ պատարագի արտօնման համար կը պահանջուի Վանի մշակոյթի եւ զբօսաշրջութեան տնօրէնութեան փոխանցել արարողութեան մասնակիցներուն անունները, իբրեւ թէ, ինչպէս այդ մարմինի տնօրէն Մուզաֆեր Աքթուղ կը նշէ` «զանոնք լաւագոյնս հիւրասիրելու եւ Վանը անոնց լաւագոյնս ներկայացնելու» համար:
Աւելի՛ն, հայերը նուաստացնելու տարեկան այս աւանդութեան 5-ամեակը պիտի պսակուի «յաւուր պատշաճի» տօնախմբութեամբ. միասնական ելոյթ պիտի ունենան Թուրքիոյ եւ Հայաստանի աշուղ կիներու երգչախումբերը: Վերջիններս թերեւս կը կարծեն, որ մասնակից պիտի դառնան թրքահայութեան ուրախութեան, սակայն իրողութեան մէջ անմտաբար կը փութան նուաստացման նոյն դառն բաժակէն խմելու:
http://www.aztagdaily.com/archives/202523

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

September 2014
M T W T F S S
1234567
891011121314
15161718192021
22232425262728
2930  

Արխիւ