Յունաստանի խորհրդարանը պիտի քննէ Ցեղասպանութեան հերքումը պատժող օրինագիծը

Յունաստանի ԽորհրդարանԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».- Յունաստանի խորհրդարանը արեքշաբթի եւ չորեքշաբթի, օգոստոս 26-27ին պիտի քննէ ցեղապաշտութեան հիման վրայ բռնութեան հրահրման մասնակից քաղաքական կուսակցութիւններու եւ անհատներու համար խստացուող պատիժներու առնչուող նոր օրինագիծը:
Օրինագիծի դրոյթներուն համաձայն՝ ցեղապաշտութիւն քարոզող կուսակցութիւնները կամ միաւորումները 1-6 ամիսով պիտի զրկուին որեւէ տեսակի պետական օժանդակութենէ:
Արդարադատութեան նախարարը կրնայ նաեւ 10-100 հազար եուրօ տուգանք սահմանել ցեղապաշտութիւն քարոզող անձերուն, իսկ ուղղակի ցեղապաշտական արարքներու մասնակիցները կրնան 3 ամիսէն մինչեւ 3 տարուան բանտարկութեան ու 5-20,000 եուրօ տուգանք վճարելու դատապարտուիլ։
Արդարադատութեան նախարարութիւնը նկատի պիտի առնէ Նոր ժողովրդավարութիւն խմբակցութեան 38 պատգամաւորներու կողմէ տրուած այն առաջարկը, թէ՝ օրինագիծին մէջ յստակօրէն պէտք է նշուի Սեւ ծովու եւ Փոքր Ասիոյ տարածաշրջաններուն մէջ յոյներու, ինչպէս նաեւ հայերու ու ասորիներու ցեղասպանութեանց հերքումը՝ իբրեւ ցեղապաշտութեան դրսեւորում:

http://asbarez.com/arm/201256/

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

August 2014
M T W T F S S
 123
45678910
11121314151617
18192021222324
25262728293031

Արխիւ