Յարձակում Գանտիլլիի հայկական եկեղեցիին վրայ

Տիգրան ԳէորգեանՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Սեւ ծովու սահմանամերձ Գանտիլլիի հայկական եկեղեցւոյ Թաղային խորհուրդի ատենապետ Տիգրան Գէորգեան «Մարմարա»ին յղած է հետեւեալ հաղորդագրութիւնը.
«Գանտիլլիի Սրբոց Երկոտասան Առաքելոց մեր եկեղեցին օգոստոս 14, 2014ին, հինգշաբթի գիշեր, անծանօթներու կողմէ նետուած սալաքարերու յարձակման ենթարկուեցաւ։ Այս յարձակումին ընթացքին փշրուեցան տանիքի բազմաթիւ կղմինտրներ, վնասուեցան զանգակատունը եւ պարտէզի վրանի ծածկոյթը։ Ապակիներուն փոքրիկ մէկ մասն ալ փշրուեցաւ յարձակման ընթացքին։ Ապահովութեան ուժերը օգոստոս 15 թուակիր ու թիւ 2014-2597 ատենագրութեամբ ձեռք դրին պատահարին վրայ ու շարժման անցան, որպէսզի անհրաժեշտ քննութիւնները կատարուին։ Պատահարը, բացի իր պատճառած նիւթական վնասէն, բարոյական տեսակէտէ եւս մեծ ցաւ պատճառած է Թաղային խորհուրդին ու շրջակայ երիտասարդութեան։ Թուրքիոյ Հայոց պատրիարքարանն ալ տեղեակ պահուած է այս ցաւալի պատահարէն։ Պատահարին մասին ուզեցինք տեղեկութիւն տալ նաեւ մեր համայնքի ողջախոհ շրջանակներուն»։
http://asbarez.com/arm/200854/

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

August 2014
M T W T F S S
 123
45678910
11121314151617
18192021222324
25262728293031

Արխիւ