Պապը Ցեղասպանութեան 100ամեակին նուիրուած պատարագ պիտի մատուցէ

Հռոմի Ֆրանսիս պապըԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».- Հռոմի Ֆրանսիս պապը 2015ի Ապրիլ 12ին, Վատիկանի Ս. Պետրոս Մայր տաճարին մէջ, Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամեակին առիթով պատարագ պիտի մատուցէ. այս մասին հաղորդած է Արժանթինի «Փրեսնա-Արմէնիա» կայքը, որ կ՛աւելցնէ, թէ վերոնշեալ յայտարարութիւնը կատարած է Պուէնոս Այրեսի կարտինալ Մարիօ Փոլին, օգոստոս 17ին, Պուէնոս Այրեսի հայ կաթողիկէ Ս. Նարեկ եկեղեցւոյ մէջ կայացած պատարագի մը ընթացքին:
«Հռոմի պապը դրական պատասխան տուած եւ ընդառաջած է Ցեղասպանութեան 100ամեակին նուիրուած պատարագ մատուցելու՝ Ներսէս Պետրոս ԺԹ.ի կողմէ ուղարկուած Հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ հրաւէրին», յայտարարած է Ս. Նարեկ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Փապլօ Հաքիմեան:
Անցեալ տարուան յունիսին, Ներսէս Պետրոս պատրիարքին հետ հանդիպման ընթացքին, պապը ընդունած էր նաեւ Ցեղասպանութենէն վերապրողի մը դուստրը: Պապը, լսելէ ետք անոր վկայութիւնը՝ ըսած էր. «Այդ մէկը 20րդ դարու առաջին ցեղասպանութիւնն էր»:
http://asbarez.com/arm/200737/

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

August 2014
M T W T F S S
 123
45678910
11121314151617
18192021222324
25262728293031

Արխիւ