Թուրքիոյ վարչապետ եւ նախագահական թեկնածու Ռեճեփ Թայիպ Էրտողանի` վերջերս հայերու հասցէին հնչեցուցած վիրաւորական խօսքերը վշտացուցած են Թուրքիոյ հայկական Վագըֆլը գիւղի բնակչութիւնը: «Էրտողանը դառնութիւն պատճառեց ամէն ընտրութիւններուն իրեն աջակցող Թուրքիոյ միակ հայկական գիւղի հայ բնակիչներուն», կը գրէ թրքական «Շանլըուրֆա» լրատուականը:
Յիշեցնենք, որ NTV հեռատեսիլի կայանի ուղիղ եթերով Էրտողան ըսած էր. «Ինծի վրացի անուանած են: Ներեցէք, բայց աւելի գէշ բան ալ ըսած են, ինծի հայ անուանած են»:
Վագըֆլիի գիւղապետ Պերճ Գարթունը «Շանլըուրֆա»ի թղթակիցին հետ զրոյցի ընթացքին ըսած է. «Վարչապետը հայ ըլլալը գէշ բան նկատող տհաճ յայտարարոթիւն կատարած է: Մենք շատ վշտացած ենք: Ան վշտացուցած է նաև իր օգտին քուէարկողներուն: Դուն երկրի մը վարչապետն ես, ուր ահագին հայեր կան, ի՞նչ է, անոնց բոլորին հիմա դուն այդչափ գէ՞շ աչքով կը նայիս, չեմ հասկնար»:
Գարթունը նշած է նաեւ, որ Վագըֆլիի հայերը կը պատրաստուէին ընտրութիւններուն իրենց ձայնը տալ Էրտողանին: «Այլ կրօնքի պատկանող մարդոց նսեմացնելը ամօթալի բան է».- եզրափակած է գիւղապետը:
http://www.horizonweekly.ca/news/details/46106

Մուսա լերան Վագըֆլը գիւղի գիւղապետ Պերճ Գարթուն ամօթալի կը նկատէ Էրտողանի յայտարարութիւնը
•
Leave a Reply