Մէկ ընտանիք, երեք դրօշ՝ Արարատի գագաթին

Դրօշ՝ Արարատի ԳագաթինՓԱՍԱՏԻՆԱ.- Պերճ եւ Քրիստինէ Պետոյեանները բարձրացած են Արարատի գագաթը: ՀՕՄի Փասատինայի «Սօսէ» մասնաճիւղի անդամ Քրիստինէ Պալըքեան-Պետոյեան իրեն հետ տարած էր Հայ Օգնութեան Միութեան դրօշը, որուն հետ հպարտօրէն լուսանկարուած է՝ հայոց սրբազան լերան գագաթին:
Պերճը, իր կարգին, Արարատի գագաթին լսուսանկարուած է Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան եւ ՀՄԸՄի դրօշներով:
Քրիստինէն իր «Ֆէյսպուքի» էջին վրայ կը գրէ, որ Արարատի գագաթը բարձրանալու համար, երեք տարի նախապատրաստական մարզումներ կատարած է: Պետոյեանները իրենց հետ Արարատի գագաթ տարած են Քրիստինէի հօր աճիւնները, Պերճի դաշնակցական հօր դագաղը ծածկած ՀՅԴի դրօշը, նաեւ՝ Քրիստինէի մօր ձեռագիրով գրուած աղօթքներ:
Թող մեր բոլորին երազանքը իրականանայ եւ այդ դրօշները ծածանին Հայաստանի Հանրապետրութեան միացուած Արարատի գագաթին:
http://asbarez.com/arm/199162/

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

August 2014
M T W T F S S
 123
45678910
11121314151617
18192021222324
25262728293031

Արխիւ