Յարգանքի տուրքի մատուցում Լիզպոնի հինգ տղոց յիշատակին

Յարգանքի Տուրքի ՄատուցումՄՈՆԹԵՊԵԼԼՕ.- Անցեալ կիրակի, 27 յուլիսին, Արեւմտեան Ամերիկայի հայկական եկեղեցիներուն մէջ աղօթքով ու քարոզներով խնկարկուեցաւ յիշատակը 31 տարիներ առաջ Լիզպոնի մէջ, Հայ Դատին շուրջ միջազգային լռութեան պատը քանդելու նպատակով իրենց մատաղ կեանքը զոհաբերած հինգ նահատակներուն՝ Վաչէ Տաղլեանի, Սիմոն Եահնէեանի, Սարգիս Աբրահամեանի, Սեդրակ Աճէմեանի եւ Արա Քըրճըլեանի:
Մոնթեպելլոյի Սուրբ Խաչ եկեղեցւոյ մէջ, ներկայութեամբ ՀՅԴ Արեւմտեան Ամերիկայի Կեդրոնական կոմիտէին, Հարաւային Քալիֆորնիոյ ՀՅԴ մարմիններու, Արեւմտեան թեմի Ազգային վարչութեան, ՀՕՄի, ՀՄԸՄի եւ Համազգայինի Շրջանային վարչութեանց անդամներու, Միւռոն Ծ. վրդ. Ազնիկեան Յիսուսի Պայծառակերպութեան տօնին առթիւ իր քարոզին ընթացքին անդրադարձաւ նաեւ հայ վրիժառու բազուկ Միսաք Թորլաքեանի եւ Լիզպոնի հինգ նահատակներուն օրինակով հայօրէն պայծառակերպուելու, յանուն վեհ ու արդար նպատակներու՝ յանձնառութիւններ ստանձնելու անհրաժեշտութեան:
Եկեղեցւոյ խորանին առջեւ շարուած էին վերոնշեալ կազմակերպութիւններուն կողմէ Լիզպոնի հինգի յիշատակին պատրաստուած ծաղկեպսակներ:
Յաւարտ Ս. պատարագի, ներկաները ուղղուեցան «Էվըրկրին» գերեզմանատուն ու խմբուեցան Միսաք Թորլաքեանի շիրիմին առջեւ:
Հիւրաբար շրջանս գտնուող Արեւելեան Միացեալ Նահանգներու թեմակալ առաջնորդ Օշական արք. Չօլոյեանի գլխաւորութեամբ, մասնակցութեամբ Միւռոն Ծ. վրդ. Ազնիկեանի ու Սուրբ Խաչ Մայր տաճարի հովիւ Աշոտ. քհնյ. Գամպուրեանի, Թորլաքեանի շիրիմին առջեւ կատարուեցաւ հոգեհանգստեան պաշտօն՝ բոլոր հայ վրիժառուներու յիշատակին, որոնց հոգեւոր զաւակներն էին Լիզպոնի հինգ տղաքը:
Յաւարտ հոգեհանստեան պաշտօնի, իր պատգամը փոխանցեց Չօլոյեան սրբազանը, որ կեդրոնացաւ Թորլաքեանի ու Լիզպոնի տղոց մարմնաւորած ոգիի ուժգնութեան, ազգային արժէքներու ու նպատակներու ծառայելու անոնց առաքինութեանց վրայ:
Հրապարակախօս, «Առաքելութիւն» հեռատեսիլի ծրագիրի ղեկավար Բալաբեկ Բարսումեան, խօսք առնելով բացատրեց օրուան խորհուրդը՝ շեշտելով Լիզպոնի տղոց ներշնչող գաղափարականութիւնը:
Հայ Երիտասարդաց Դաշնակցութեան կողմէ խօսք առաւ Սարօ Պապիկեան, որ նախ անդրադարձաւ Եղեռնի պատասխանատուները պատուհասելու, պատժելու համար կեանքի կոչուած «Նեմեսիս» առաքելութեան եւ զայն իրագործողներուն թողած ժառանգութեան: «Այդ ժառանգութեան տէրերէն Լիզպոնի հինգը, իրենց իւրայատուկ պատգամով վերահաստատեցին հայ երիտասարդութեան վճռականութիւնը Հայ Դատին նկատմամբ: Անոնք ապացուցեցին, որ թրքական շահերը ջատագովող միջազգային դիւանագիտական շրջանակներուն ճիգերը ի դերեւ պիտի ելլեն, որովհետեւ անոնց դէմ դուրս եկած են ու պիտի շարունակեն դուրս գալ վճռակամութեամբ լի հայ երիտասարդներ», ըսաւ Պապիկեան:
Ան աւելցուց, թէ Լիզպոնի հինգ տղաքը յաջողեցան հայ երիտասարդին բարոյական ուժ ներշնչել՝ ոգեւորելով ու դաստիարակելով յաջորդական սերունդներ:
«Ապրինք այնպէ՛ս, որ մեր գործերը օգտակար դառնան մեր ազգին, աշխատինք մեր հայրենիքի հզօրացման համար, խօսինք հայերէ՛ն, պահպանենք մեր լեզուն ու մշակոյթը, այսպիսով՝ մենք արժեւորած կ՛ըլլանք այդ հինգ անձնուէր երիտասարդներուն ու անմահ հերոսներուն յիշատակը, երաշխաւորած կ՛ըլլանք, որ իրենց անձնազոհութիւնը ապարդիւն չէ անցած», խօսքը եզրակացուց Պապիկեան»:
ՀՅԴ Արեւմտեան Ամերիկայի Կեդրոնական կոմիտէին կողմէ օրուան պատգամը փոխանցեց դոկտ. Վիգէն Եագուպեան, որուն խօսքը ամբողջութեամբ կը ներկայացնեք այսօրուան ՕՐԸ ՕՐԻն սիւնակով:
Յիշատակի այս իւրայատուկ հաւաքը փակուեցաւ «Վէրքերով լի» երգով:
http://asbarez.com/arm/198918/

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

July 2014
M T W T F S S
 123456
78910111213
14151617181920
21222324252627
28293031  

Արխիւ