Ուրֆայի հովասուն ննջարանները

Ուրֆայի հայկական եկեղեցիՍԷՐՏԱՐ ՔՈՐՈՒՃՈՒ
Ռամազանը պատճառ եղաւ որ եկեղեցիները ժողովուրդի ուշադրութեան արժանանան։ Տրուած ըլլալով որ երկու շինութիւնն ալ օժտուած են կլիմայափոխիչ սարքերով, ուրֆացիներ կու գան այս տաճարներուն մէջ մրափելու մինչեւ իֆթարի ժամը։
Ուրֆայի նախկին հայկական եկեղեցիները ժամանակի ընթացքին վերածուեցան մզկիթի եւ ստացան նոր անուանակոչումներ։ Այսպէս քաղաքին Սուրբ Աստուածածինը Սէլահատտին Էյիւպի, իսկ Սուրբ Առաքելոցն ալ Ենի Ֆըրֆըրլը ճամի վերանուանուեցան։ Բայց ուրֆացիները ամառուան կիզիչ օրերու զուգադիպող իսլամներու ծոմապահութեան ամիս՝ Ռամազանէն դուրս այնքան ալ շահագրգռուած չէին այս նախկին եկեղեցիներէ փոխանցուած մզկիթներուն հանդէպ։ Ռամազանը պատճառ եղաւ որ եկեղեցիները ժողովուրդի ուշադրութեան արժանանան։ Տրուած ըլլալով որ երկու շինութիւնն ալ օժտուած են կլիմայափոխիչ սարքերով, ուրֆացիներ կու գան այս տաճարներուն մէջ մրափելու մինչեւ իֆթարի ժամը։
Ուրֆայի խորհրդանիշ համարուած ձուկերու աւազանի մօտակայքի Սուրբ Աստուածածինը եպիսկոպոսանիստ կեդրոն էր եւ ժողովուրդի մէջ կը կոչուէր Աւագ եկեղեցի անունով։ Կողքի Հայոց Քոլէճին եւ այս օրուայ Հանրապետութեան Միջնակարգ դպրոցին գտնուած տարածքին մէջ եկեղեցի մը եւս կար, որ այսօր անհետացած է։ 1915-էն ետք Աւագ եկեղեցին երկար տարիներ անտէրութեան մատնուեցաւ եւ աւելի ետք ալ ծառայեց որպէս էլեկտրակայան։ Վերջապէս 1993-ին վերածուեցաւ մզկիթի։
Քաղաքի Սուրբ Առաքելոց եկեղեցին ալ նման պատմութիւն մը ունեցաւ։ Ան շատ աւելի կանուխ, 1956-ին մզկիթ դարձած էր։ Ուրֆայի կուսակալութեան կայքէջին վրայ չի նշուիր եկեղեցւոյ հայկական անցեալը։ Հոն կ՚ըսուի հետեւեալը. «Քրիստոնէութեան համար կարեւոր Վարագայ Խաչը 1092-ին Ուրֆա բերուած եւ այս եկեղեցին տեղադրուած է»։ Նոյն կառոյցի համար քաղաքապետարանի կայքէջին մէջ կը յիշուի հայկական անցեալը եւ կ՚ըսուի, թէ ան նախքան 1956-ին մզկիթի վերածուիլը, գործածուած է որպէս արգելանոց։
http://www.agos.com.tr/-7793.html

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

July 2014
M T W T F S S
 123456
78910111213
14151617181920
21222324252627
28293031  

Արխիւ