Թրքական «Հապեր10»-ը կայքը կը տեղեկացնէ, որ Միացեալ Նահանգներու մէջ ընթացիկ ամսուան ընթացքին, հաշուետուութիւններու քննութիւններու ընթացքին յառաջացած խնդիրներու պատճառով փակուած են թրքական Կիւլէնական համայնքին պատկանող 2 դպրոց: Ռուսաստանի կրթութեան նախարարութիւնը չեղեալ յայտարարած է կիւլէնականներու հաստատութիւն նկատուող «Ատլանտեան միջազգային կրթական կեդրոնի» գործունէութեան տրուած թույլտուութիւնը:
Ըստ ամերիկեան «Buzzfeed» լրատուական կայքին, Միացեալ Նահանգներու Կիւլէնական համայնքը Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման դէմ լոպպիյինկի եւ քարոզչական աշխատանքներու ընթացքին, 2007 թուականէն սկսեալ ԱՄՆ քաղաքական գործիչներու 1.5 միլիոն տոլարի նուիրատուութիւններ բաշխած է: Նուիրատուութիւններ ստացած քաղաքական անձերու շարքին եմ Պարաք Օպաման, Հիլըրի Քլինթընը….:
http://horizonweekly.ca/news/details/45261

Կիւլէնականները Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման դէմ 8 տարուան ընթացքին 1.5 միլիոն տոլար ծախսած են
•
Վերջին Յաւելումներ
- Թուրքիայում քուրդ երգչուհի է ձերբակալվել
- Նշելով, որ Մեքքայի համաձայնագիրը ոչ մէկ երկիրի դէմ ուղղուած է. Էրտողան. «Անհրաժեշտ Է, որ Լիբանանի վրայ իսրայէլեան յարձակումները արագ դադրին»
- Թուրքիայում վերականգնվում է «Քառասուն մանուկ» հայկական եկեղեցին (տեսանյութ)



Leave a Reply