Թուրք բեմադրիչի «Հատում» ժապաւէնը պիտի ցուցադրուի Վենետիկի փառատօնին

ՀատումԾագումով թուրք բեմադրիչ Ֆաթիհ Աքընի՝ Հայոց Ցեղասպանութեան մասին նկարահանած շարժապատկերը պիտի ցուցադրուի Վենետիկի փառատօնին:
Աքընի «Հատումը» (The Cut) շարժապատկերը կը ներկայացնէ Նազարէթ Մանուկեանի պատմութիւնը: Ցեղասպանութենէն փրկուելէ ետք Նազարէթ կ՛իմանայ, որ իր զոյգ դուստրերը ողջ են ու կը սկսի փնտռելու զանոնք:
Տահար Ռահիմ «Հատում»ի գլխաւոր դերակատարն է: Դերեր ստանձնած են նաեւ Սիմոն Աբգարեան, Արսինէ Խանջեան եւ ուրիշներ: Բեմագրութիւնը Աքինի ու Մարտիկ Մարտինի գործն է: Շարժապատկերը, որ 138 վայրկեան տեւողութիւն ունի, անգլերէնով է:
«Հատում»ը նաեւ պիտի ցուցադրուէր Քաննի փառատօնին, սակայն բեմադրիչը վերջին պահուն, անձնական պատճառներով, դուրս բերած էր զայն ցուցադրուող շարժապատկերներու ցանկէն:
Համպուրկ ծնած Աքին Եւրոպայի ականաւոր բեմադրիչներու շարքին կը նկատուի: Անոր բեմադրած շարժապատկերները արժանացած են միջազգային մրցանակներու:
Վենետիկի շարժապատկերի փառատօնը տեղի պիտի ունենայ օգոստոս 27- սեպտեմբեր 6:
http://asbarez.com/arm/198723/

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

July 2014
M T W T F S S
 123456
78910111213
14151617181920
21222324252627
28293031  

Արխիւ