«Հալէպի արձանագրութիւնները» կը նկարագրեն Ցեղասպանութենէն վերապրած մանուկներու տեսածները

Hushardzan 1ԱԼԻՆ ՕԶԻՆԵԱՆ
Մուրիել Միրաք-Վայսպախ «Տի Արմինիըն Միրըր Սփեքթէյթըր»ի մէջ լոյս տեսած իր յօդուածին մէջ կը գրէ, որ շուրջ մէկ դար առաջ Հալէպը գաղթականներու՝ Հայոց Ցեղասպանութենէն վերապրածներու համար ապաստանարան մըն էր: Ժընեւի մէջ Ազգերու լիկայի արխիւներէն նոր հրատարակուած նիւթերը Ցեղասպանութեան մասին հազուագիւտ կը ներկայացնեն փաստագրութիւն մը, ուր օգտագործուած են դանիացիներու քով հասած վերապրողներու անձնական պատմութիւնները: Անոնք հայեր էին, անոնցմէ շատերը՝ փոքրիկ որբեր, որոնք 1922-1930 երկարող ժամանակահատուածին ընթացքին իսլամական տուներէ (թուրք, քիւրտ կամ արաբ) ազատած էին:
Փաստաթուղթերը, որոնք ծանօթ են «Հալէպի արձանագրութիւնները՝ Հայոց Ցեղասպանութեան պատմութիւններ» անունով, հաւաքուած, ծանօթագրուած եւ խմբագրուած են Թաներ Աքչամի, Տիճլէ Աքար Պիլկինի եւ Մաթիաս Պիոռնլունտի կողմէ: Անոնք կը հրապարակուին www.armenocide.de կայքին վրայ, որ ցեղասպանութեան գերմանացի պատմագէտներ Վոլֆկանկ եւ Սիկրիտ Կուսթ ամոլին կողմէ նախաձեռնուած առցանց հրատարակչութիւն մըն է: Վերջիններս առաջիններն էին, որոնք Համաշխարհային Ա. պատերազմին վերաբերեալ Գերմանիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան արխիւներէն Հայոց Ցեղասպանութեան վերաբերող արխիւներ յայտնաբերեցին:
Դանիական մարդասիրական օժանդակութեան կազմակերպութեան աշխատակից դանիացի Քարէն Եփփէն էր, որ իբրեւ Միջին Արեւելքի մէջ կիներու եւ մանուկներու պաշտպանութեան լիկայի յանձնակատար՝ օժանդակեց հայ վերապրողներ իսլամացումէ փրկելու գործին: Այդ հայ վերապրողները իսլամ ընտանիքներու տուներուն մէջ պահուած էին, յաճախ՝ իբրեւ գերիներ կամ ծառաներ: 1921ին իր պաշտօնին նշանակուելէն մինչեւ 1927, Եփփէի կազմակերպութիւնը «գործակալներու», ներառեալ կրօնաւորներու եւ գործարարներու ցանցի մը միջոցով աշխատանք տարաւ գտնելու եւ փրկելու համար Փոքր Ասիոյ մէջ գտնուող հայերը: Ինչպէս խմբագիրները իրենց ներածականին մէջ կը գրեն, ասիկա՝ «հսկայական գործ մըն էր: Շուրջ 100,000 հայեր, ընդհանրապէս կիներ եւ յաճախ շատ աղքատ, հիւանդութեամբ վարակուած, անգործ, որբացած, վատ սնուցուած եւ ցնցուած, որոնք Սուրիոյ տարածքին տարածուած էին եւ անոնցմէ շատեր գաղթականներու ճամբարներու մէջ կը գոյատեւէին: Հակառակ այն իրողութեան, որ հայկական եւ մասնաւորաբար ամերիկեան կազմակերպութիւնները պատերազմի աւարտէն ի վեր աշխատանք տարած էին հայերու ազատ արձակումը ապահովելու՝ շուրջ 20,000-30,000 կիներ եւ մանուկներ կը շարունակէին արգելափակուած մնալ իսլամներու մօտ. անոնք ենթակայ էին առեւանգումներու, բռնի ամուսնութեան, բռնաբարութեան եւ սեռային ստրկութեան»:
http://asbarez.com/arm/197896/

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

July 2014
M T W T F S S
 123456
78910111213
14151617181920
21222324252627
28293031  

Արխիւ