Աթաթուրք այսօր իր իսկ հիմնած Թուրքիոյ Հանրապետութեան պետական ղեկավարութեան բարձրագոյն դիրքէն կամբաստանւի իբրեւ իր ընդդիմախօսները բրտօրէն «մաքրագործած», քաղաքական իսլամի օրէնքները չարաչար ոտնակոխած, հայեր ու քրդեր, յոյներ ու ասորիներ զանգւածային սպանդի ենթարկելու պետական յանցագործութեանց գլխաւոր պատասխանատու…
1926-ի յուլիսեան այս օրերուն, Իզմիրի մէջ, քաղաքի տարբեր հրապարակներուն վրայ միաժամանակ կախաղան հանւեցան 13 թուրք քաղաքական-պետական գործիչներ, որոնք պատասխանատու հռչակւած էին Քեմալ Աթաթուրքի դէմ կազմակերպւած մահափորձի մը։
Պատահածը կրնայ նկատւիլ Թուրքիոյ Հանրապետութեան ծննդոցին ու կազմաւորման ախտանշական արատը, որովհետեւ մինչեւ մեր օրերը շարունակւող թուրք պետական բռնիշխանութեան արմատները թաղւած են 4 յուլիսի 1926-ի 13 կախաղաններով դրսեւորւած քաղաքական մոլեռանդութեան անբուժելի հիւանդութեան մէջ։
Թուրքական հնաւանդ այդ անհանդուրժողականութեան նորագոյն դրսեւորումն է վարչապետ Էրդողանի ձեռնարկած վարկաբեկումի արշաւը՝ նոյնինքն Աթաթուրքի եւ ընդհանրապէս քեմալականութեան դէմ։
Աթաթուրք այսօր իր իսկ հիմնած Թուրքիոյ Հանրապետութեան պետական ղեկավարութեան բարձրագոյն դիրքէն կամբաստանւի իբրեւ իր ընդդիմախօսները բրտօրէն «մաքրագործած», քաղաքական իսլամի օրէնքները չարաչար ոտնակոխած, հայեր ու քրդեր, յոյներ ու ասորիներ զանգւածային սպանդի ենթարկելու պետական յանցագործութեանց գլխաւոր պատասխանատու…
Աթաթուրքի դէմ ուղղւած այսօրինակ ամբաստանութեանց շարքը շատ երկար է եւ տեղը չէ անոնց սպառիչ ցուցակը կազմելու։ Կարեւորը այն է, որ նոյնինքն վարչապետ Էրդողանի այժմու կառավարութիւնը, ահա 14 տարիէ ի վեր, քեմալականութեան դէմ իր ծաւալած վարկազրկման պայքարին մէջ, իր կարգին չի վարանիր դիմելու ամէնէն խստագոյն եւ բռնիշխանական քայլերուն, ի հարկին արեան մէջ խեղդելով բողոքի ձայնը իր սեփական ընդդիմախօսներուն։
Ինչ որ պատահեցաւ 1926-ի յուլիսեան այս օրերուն, երբ Իզմիրի հրապարակներուն վրայ միաժամանակ կախաղան հանւեցան Մուստաֆա Քեմալի մենատիրութեան ընդդիմացող պետական-քաղաքական 13 գործիչներ, մեծապէս ուսանելի է այսօրւան Թուրքիոյ ներքին գալարումները հասկնալու իմաստով։
Ծանօթ է, որ Առաջին աշխարհամարտէն անփառունակ պարտութեամբ դուրս եկած Օսմանեան կայսրութեան մէջ, Իթթիհադական իշխանութեան ղեկավար դէմքերուն երկրէն փախուստին զուգահեռաբար՝ թուրքական կազմալոյծ բանակի երիտասարդ սպաներէն Մուստաֆա Քեմալ ձեռնարկեց Անկախութեան պատերազմի։
Օսմանեան Կայսրութիւնն ու անոր հիմքը կազմող իսլամական պետութիւնը Քեմալի կողմէ հռչակւեցան թուրք ազգային-պետական մշակոյթին այլասերած դրսեւորումները։
Իր հետեւորդներով եւ ատենի եւրոպական մեծ պետութեանց թաքուն թէ բացայայտ խրախուսանքով, այլեւ ու մանաւանդ Ռուսաստանի մէջ նորահաստատ բոլշեւիկ ղեկավարութեան հետ ուղղակի եւ ամբողջական գործակցութեամբ, Մուստաֆա Քեմալ ռազմական փայլուն յաղթանակներ տարաւ եւ ոչ-թուրք բնակչութեան ազգային արդար ձգտումները արեան մէջ խեղդելով՝ զինու զօրութեան պարտադրեց Թուրքիոյ այսպէս կոչւած «բնական սահմանները»։
Անկախութեան պատերազմը Քեմալ յաղթանակով պսակեց եւ արժանացաւ «Կազի» (ազատարար, յաղթանակած) տիտղոսին։
Զինւորական իր յաջողութիւններուն չափ եւ նոյնիսկ աւելի փայլուն եղան Քեմալի նւաճումները արտաքին քաղաքականութեան ճակատին վրայ։
Յաջողապէս թիավարեց յաղթական Դաշնակիցներուն եւ նոր բարձրացող խորհրդային կայսերապետութեան իրերամերժ ալիքներուն միջեւ, բոլոր կողմերէն առաւելագոյնս օգտւեցաւ եւ այդ ամէնը ծառայեցուց նոյնինքն թուրք հասարակութեան մէջ քաղաքական իր իշխանութեան դիրքերու ամրապնդումին։
Երբ 1923-ի յուլիսին ստորագրւեցաւ Լօզանի ամօթալի դաշնագիրը եւ անփառունակ պարտութիւն կրած թուրքական պետութիւնը վերջնականապէս ոտքի կանգնեցաւ հոկտեմբեր 1923-ին իբրեւ Թուրքիոյ Հանրապետութիւն՝ Մուստաֆա Քեմալ իր «կազի» տիտղոսին վրայ աւելցուց նաեւ Աթաթուրք (Թուրքիոյ Հայր) անունը։
Աթաթուրք իր զինւորական եւ քաղաքական յառաջխաղացքին ամբողջ տեւողութեան իր կողքին ունեցաւ անվերապահ զինակիցներ, յատկապէս Քեազիմ Քարաբեքիր փաշան (իբրեւ զինւորական իր թեւին առաջնորդը) եւ Իսմէթ Ինէոնիւ փաշան (իբրեւ քաղաքական իր մեծագոյն գործակիցը, նաեւ հետագային Թուրքիոյ նախագահի պաշտօնին ժառանգորդը)։
Բայց, Թուրքիան արմատապէս բարեկարգելու իր ներքին քաղաքականութեան իրագործման ընթացքին, Քեմալի եւ իր ընկերներու հիմնած Հանրապետական կուսակցութիւնը ներքին պառակտումի մատնւեցաւ իսլամական պետութենէն՝ սուլթանութենէն եւ խալիֆայութենէն վերջնականապէս հրաժարելու օրակարգով։
Քեազիմ Քարաբեքիր իր հետեւորդներով հիմնեց Հանրապետական յառաջդիմական կուսակցութիւնը, իսկ Քեմալ եւ Ինէոնիւ իրենց հիմնած մայր կուսակցութիւնը վերանւանեցին Հանրապետական ժողովուրդի կուսակցութիւն։
Քեմալ դժւարութիւններ դիմագրաւեց նաեւ Ինէոնիւի թեւէն, որ թունդ դրօշակիրն էր երկրէն ներս միակուսակցական իշխանութեան հաստատումին եւ զինւորական խստութեամբ կառավարումին։
Ահա այդ ներքին պայքարները իրենց գագաթնակէտին յանգեցան 1926-ի յունիսին, երբ արդէն հանրապետութեան նախագահի պաշտօնով Աթաթուրք «հովւապետական» այց մը կը կատարէր Իզմիր։
Քեմալի սպասարկութիւնները «յայտնագործեցին» հանրապետութեան նախագահին դէմ սարքւած «մեծ դաւադրութիւն» մը, որուն նպատակը իբր թէ Քեմալի սպանութիւնն էր։
Այդպէս՝ տասնեակաւոր քաղաքական ընդդիմադիրներ անմիջապէս ձերբակալւեցան, արագօրէն դատւեցան եւ կախաղան հանւելով՝ մահապատիժի դատապարտւեցան։
Ամիս մը ետք՝ 4 յուլիսի 1926-ին, այդ փութկոտ դատավճիռը գործադրելով՝ Աթաթուրքի իշխանութիւնները կախաղան բարձրացուցին Հանրապետական յառաջդիմական կուսակցութեան 13 պարագլուխներ, որոնք նաեւ նախկին իթթիհադական պետական գործիչներ էին։ Մեծ մասամբ Թուրքիոյ Ազգային ժողովի անդամներ էին անոնք, որոնք իրենց կեանքի գնով վճարեցին Թուրքիոյ Հանրապետութեան միակուսակցական իշխանութեան հաստատման եւ իսլամական գլխարկ ֆէսը արեւմտեան ոճի գլխարկով փոխարինելու աթաթուրքեան մեծ խաղին։
Թուրքական պետութիւնը միշտ ալ եղած է այդպիսին։ Այնքան ատեն, որ իր կայսերապետական շահերը վտանգի տակ չեն իյնար, տրամադիր է ազատախոհ աշխարհի կեղծ դիմագիծով աշխարհին ներկայանալու։ Բայց, անմիջապէս որ իր հակակշռին տակ գտնւող ազգերը ըմբոստացման շարժում ցոյց կու տան, միեւնոյն Թուրքիան երեւան կը հանէ իր վայրագ բարբարոսութիւնը՝ ի հարկին ցեղասպանական հարւածի տակ առնելով ամբողջ ժողովուրդներ։ 4 յուլիսի 1926-ին թուրքական պետութիւնը աշխարհին ցոյց տւաւ, որ ի հարկին պատրաստ է օրէնքի գերագոյն խստութեամբ կախաղան բարձրացնելու պետական ղեկավարութեան դէմ դրսեւորւած բողոքի ամէն շարժում։
Ն.
Alikonline.ir

Աթաթուրք կախաղան հանեց իր դէմ գործւած մահափորձին պատասխանատուները (3-4 յուլիսի 1926)
•
Leave a Reply