ՏԻԹՐՈՅԻԹ.- Աւելի քան 600 պատուիրակներու մասնակցութեամբ, Յունիս 20ին աւարտած Ամերիկայի Երիցական եկեղեցւոյ 221րդ ընդհանուր ժողովին ընթացքին, գրեթէ միաձայնութեամբ վաւերացուած է Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչցող բանաձեւ մը, որ միաժամանակ եկեղեցւոյ 2015ի օրացոյցին մէջ ապրիլ 26ը կը նշէ իբրեւ Հայոց Ցեղասպանութիւնը յիշատակելու օր։ Բանաձեւը նաեւ պիտի պահանջէ Հայոց Ցեղասպանութեան մասին դաստիարակչական նիւթեր պատրաստել եւ ուղարկել Միացեալ Նահանգներու տարածքին գործող երիցական եկեղեցիներուն։
1.8 միլիոն անդամ ունեցող այս եկեղեցւոյ պատմական բանաձեւը ծնունդ առած էր Քալիֆորնիոյ Էնըհայմ քաղաքի, Շիքակոյի եւ Նիւ Ճըրզիի Երիցական եկեղեցիներու ջանքերով, իսկ անոր վաւերացման մէջ կարեւոր դերակատարութիւն ունեցած են պատուելի դոկտ. Քրիսթին Չոլաքեան (Շիքակօ) եւ պատուելի դոկտ. Վարդգէս Քասունի (Էնըհայմ)։ Բանաձեւի խմբագրումը կատարուած է Ճինիշի յիշատակի ծրագիրին (Էլիզա Մինասեան՝ վարիչ, ու Քարա Թէյլըր՝ համակարգող) եւ Երիցական եկեղեցւոյ համաշխարհային առաքելութեան ամերիկեան մասնաճիւղին կողմէ՝ Կրեկ Ալէն Փիքեթի առաջնորդութեամբ։
Նշեալ Ընդհանուր ժողովին, Խաղաղութեան եւ միջազգային յարաբերութեանց յանձնախումբի ժողովին ընթացքին բանաձեւին ի նպաստ ելոյթներ ունեցած են պատուելիներ Քրիսթին Չոլաքեան եւ դոկտ. Վարդգէս Քասունի, ինչպէս նաեւ Միշիկընի Ս. Յովհաննու եկեղեցւոյ հովիւ Կարապետ քհնյ. Քոչարեան՝ նպաստելով անոր վաւերացման։
http://asbarez.com/arm/197613/
Leave a Reply