Սասնոյ հայկական եկեղեցւոյ աւերակներէն՝ արժէքաւոր գտածոներ

Սասնոյ Հայկական Եկեղեցւոյ ԱւերակներԵՐԵՒԱՆ, «Էրմենիհապեր».- Թուրքիոյ Պաթման նահանգի Սասնոյ շրջանի Մարաթուկ լերան վրայ գտնուող հայկական Սուրբ Մարիամ Աստուածածին եկեղեցւոյ աւերակներէն հնամեայ պատմական գիրք մը եւ շարք մը այլ արժէքաւոր գտածոներ յայտնաբերուած են. այս մասին տեղեկացուցած է Սասունի հայերու միութեան նախագահ Ազիզ Տաղճը:
Ըստ թրքական «Մայնեթ» կայքին՝ եկեղեցւոյ վերանորոգման աշխատանքներուն սկսելու համար, կազմակերպուած էր մաքրութեան եւ աւերակ կտորներու հաւաքման արշաւ, որուն մասնակցած են նաեւ Պաթմանի թանգարանի մասնագէտները:
«Աւերակներուն միջէն գտած ենք խաչաձեւ իրեր, ձիու սմբակի նալեր եւ հայերէն գրութեամբ մեծ գիրք մը», կայքին տեղեկացուցած է Տաղճը՝ նշելով, որ գտածոներուն մասին անմիջապէս տեղեկացուցած են տեղւոյն ոստիկանութեան եւ զանոնք յանձնած են Պաթմանի թանգարանին:
«Մեր նպատակն է 2 տարի առաջ փլուզուած այս եկեղեցին վերականգնել եւ վերանորոգել: Կ՛ենթադրենք, որ 2973 մեթր բարձրութիւն ունեցող Մարաթուկ լերան գագաթին գտնուող այս եկեղեցւոյ մէջ յայտնաբերուած գտածոները շուրջ 2000 տարուան պատմութիւն ունին: Նաեւ դիմած ենք Պաթմանի նահանգապետարան՝ դէպի եկեղեցի տանող առանձին ճամբայ մը բանալու փափաքով», եզրափակած է Սասունի հայերու միութեան նախագահը:
http://asbarez.com/arm/197401/

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

July 2014
M T W T F S S
 123456
78910111213
14151617181920
21222324252627
28293031  

Արխիւ