Տէրսիմի մէջ ամբարտակներու եւ զինուորական կեդրոններու կառուցման դէմ պարով բողոք

պարով բողոքՏԵՐՍԻՄ.- «Ֆըրաթ» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ տասնեակ հազարաւոր տերսիմցիներ բնութեան եւ մշակոյթի պահպանութեան Մունզուրի գետի («Հ.»Մնձուր գետ) փառատօնին ընթացքին պիտի պարեն իբրեւ բողոք թրքական կառավարութեան կողմէ Տերսիմի շրջանին մէջ ամբարտակններու, զինուորական կեդրոններու եւ ջրելեկտրական գործառաններու կառուցման դէմ։

Կը նախատեսուի, որ պար բռնած մարդոց շարքը 10 քիլոմեթրի վրայ երկարի եւ այդպիսով իր տեսակին մէջ ամէնէն երկարը պիտի ըլլայ։

Մինչ Տերսիմի մէջ հինգ ամբարտակներու, ջրելեկտրակայնի մը եւ զինուորական եօթը կեդրոններու կառուցումը ընթացքի մէջ է, ժողովուրդին հակազդեցութիւնն ու զայրոյթը կ՚աճի։

24 նոր ամբարտակներու եւ զինուորական կեդրոններու կառուցումը ընթացք առած է ապահովական քայլերու պատրուակով՝ հակառակ խաղաղութեան գործընթացին։

Տասնեակ հազարաւոր մարդիկ տասը քիլոմեթր երկարութեամբ Մունզուր հովիտին մէջ պիտի կատարեն «Հալայ» ժողովրդային պարը Մունզուրի փառատօնին, ինչ որ բողոքի ցոյց մը պիտի ըլլայ Տէրսիմը իր բնակչութենէն պարպելու քաղաքականութեան դէմ եւ անոր բնութիւնը փճացնելու ու քանդելու քայլերուն դէմ։
Մարդիկ պարին պիտի մասնակցին ընկերակցութեամբ Տէրսիմի շրջանին յատուկ քլարինեթի մը, տուտուկի եւ թմբուկի։ Քրտական Խաղաղութիւն եւ ժողովրդավարութիւն կուսակցութենէն Տէրսիմի փոխքաղաքապետ Նուրհայաթ Ալթուն ժողովուրդին կոչ ուղղեց մասնակցելու փառատօնին՝ յայտնելով, որ Տէրսիմի բնակչութիւնը, որ կը պատրաստուի աշխարհի ամէնէն երկար բողոքի պարին, տասնամեակներէ ի վեր կ՚ընդդիմանայ զինուորական դիրքերու եւ ամբարտակներու կառուցման դէմ։

Ան յայտնեց, որ մասնաւորաբար ջրելեկտրակայաններուն, ամբարտակներուն ու զինուորական դիրքերուն նպատակը Տէրսիմցիներուն բնակավայրերն ու միջավայրը քանդելն է։ Հակառակ ՔԱԿ-ի (PKK) ղեկավար Ապտուլլա Օճալանի հետ խաղաղութեան հոլովոյթին Տէրսիմի մէջ զինուորական կեդրոններ եւ ամբարտակներու կառուցումը կը շարունակուի։
Նշենք, որ վերոնշեալ փառատօնին ամէն տարի կը մասնակցի «Տերսիմի հայերու հայրենակցական միութիւնը», ինչպէս նաեւ Տերսիմի եւ շրջակայ քաղաքաքներու մէջ բնակող հայեր: Փառատօնին կը մասնակցին նաեւ Հայաստանէն ազգագրական երգ ու պարի համոյթներ:
http://horizonweekly.ca/news/details/42999

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

July 2014
M T W T F S S
 123456
78910111213
14151617181920
21222324252627
28293031  

Արխիւ