ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ՀԵՏՔԵՐՈՎ – Ռոտոսթոյի հայութիւնը կոտորւեցաւ թուրքական զօրքին կողմէ (1 յուլիսի1913)

ՌոտոսթոՅուլիսի 1-ին, 101 տարի առաջ, արեւելեան Թրակիոյ ծովեզերեայ Ռոտոսթօ քաղաքը հայոց արեամբ ներկւեցաւ։ Քաղաքը վերագրաւած թուրքական զօրքերը կոտորեցին անզէն հայութիւնը եւ հրոյ ճարակ դարձուցին հայոց տուներն ու խանութները։
Մարմարա ծովու արեւմտեան ափին գտնւող նաւահանգիստ քաղաք է Ռոտոսթօն, որ այսօր մաս կը կազմէ եւրոպական Թուրքիոյ եւ 1923-էն ի վեր կը կոչւի Տեքիր Տաղ։
Յուլիսի 1-ին, 101 տարի առաջ, արեւելեան Թրակիոյ ծովեզերեայ Ռոտոսթօ քաղաքը հայոց արեամբ ներկւեցաւ։ Քաղաքը վերագրաւած թուրքական զօրքերը կոտորեցին անզէն հայութիւնը եւ հրոյ ճարակ դարձուցին հայոց տուներն ու խանութները։
Մարմարա ծովու արեւմտեան ափին գտնւող նաւահանգիստ քաղաք է Ռոտոսթօն, որ այսօր մաս կը կազմէ եւրոպական Թուրքիոյ եւ 1923-էն ի վեր կը կոչւի Տեքիր Տաղ։
Բայց, 101 տարի առաջ միայն սակաւաթիւ թուրքեր կապրէին Ռոտոսթոյի մէջ, որ առաւելաբար յունական եւ հայկական քաղաք էր։
Ռոտոսթօ յայտնագործւած էր հին ժամանակ՝ յոյն վաճառականներու եւ նաւաստիներու կողմէ, որոնք դարերու ընթացքին նախ յունական, ապա բիւզանդական քաղաքակրթութեան կարեւոր կենտրոնի վերածեցին զայն։
Նոյնքան հին ժամանակներէ կու գայ հայերու ներկայութիւնը Ռոտոսթոյի մէջ, որ ինչպէս հայոց առեւտուրի, այնպէս եւ հայկական մշակոյթի, ձեռարւեստի եւ գրականութեան ծանօթ կենտրոն եղած է։
Ինչպէ՞ս պատահեցաւ, որ Ռոտոսթոյի եւ անոր մերձակայ՝ նոյնպէս հայաբնակ Մալկարա գիւղաքաղաքին հայ բնակիչները, 1913-ի յուլիս 1-էն սկսեալ, կոտորածի եւ աւերումի ու թալանի ենթարկւեցան թուրքական զօրքերուն կողմէ։
30 յունիսի 1913-ին սկսաւ Բալկանեան երկրորդ պատերազմը։
Հազիւ ամիս մը առաջ, 30 մայիսի 1913-ին, վերջ գտած էր Բալկանեան առաջին պատերազմը, որ բռնկած էր 9 հոկտեմբերի 1912-ին՝ մէկ կողմէ պալքանեան չորս երկիրներու (Բուլղարիա, Յունաստան, Սերբիա, Չեռնոգորիա) դաշնադրութեան եւ միւս կողմէ Թուրքիոյ միջեւ։
Բալկանեան առաջին պատերազմին Թուրքիա կրեց ծանրագոյն պարտութիւն եւ պարտաւորւեցաւ 30 մայիսի 1913-ին ստորագրել Լոնդոնի հաշտութեան դաշնագիրը, որուն հիման վրայ կորսնցուց բալկանեան թերակղզիի իր տիրապետութեան ենթակայ բոլոր հողերը։ Պոլիսէն եւ արեւելեան Թրակիոյ փոքր մէկ բաժնէն զատ ոչինչ մնաց եւրոպական Թուրքիայէն։
Հայութիւնը եւս աշխոյժ մասնակցութիւն ունեցաւ Բալկանեան առաջին պատերազմին։ Անդրանիկի եւ Գարեգին Նժդեհի հրամանատարութեամբ՝ Դաշնակցութեան կամաւորական գունդերը յանդուգն գործողութիւններ իրագործեցին թուրքական զօրքերուն դէմ՝ հերոսի դափնեպսակին ու զինւորական կոչումներու արժանանալով բուլղար սպայակոյտին կողմէ։
Իսկ Բուլղարիան եղաւ գլխաւոր յաղթականը Բալկանեան առաջին պատերազմին՝ խլելով առիւծի բաժինը օսմանեան բռնատիրութենէն ազատագրւած հողերուն։
Բայց ոչ միայն Բուլղարիոյ Բալկանեան դաշնակիցները՝ Յունաստանն ու Սերբիան դժգոհ մնացին, որ ազատագրւած հողերէն իրենց սպասած բաժնին չկրցան տիրանալ, այլեւ՝ եւրոպական մեծ տէրութիւնները մտահոգւեցան, որ Ռուսաստանը միակողմանիօրէն շատ ընդարձակած էր իր ազդեցութեան գօտիները՝ Բալկաններու մէջ։
Հետեւանքը եղաւ հրահրումը, 1913-ի յունիս 30-ին, Բալկանեան երկրորդ պատերազմին՝ այս անգամ մէկ կողմէ Բուլղարիոյ եւ միւս կողմէ Թուրքիոյ, Յունաստանի, Սերբիոյ, Չեռնոգորիայի եւ Ռումինիոյ միացեալ ճակատին միջեւ։
Թէեւ կարճ տեւեց եւ 10 օգոստոսի 1913-ին աւարտեցաւ Բալկանեան երկրորդ պատերազմը, բայց «ցեղային մաքրագործում»-ի առումով անհամեմատաբար ահաւոր եւ ծանրակշիռ եղաւ։
Յատկապէս, Ռոտոսթոյի եւ Մալկարայի հայերը, որոնք ուղղակի մասնակցութիւն չէին ունեցած Բալկանեան առաջին պատերազմին, թիրախ դարձան թուրքական վրէժխնդրութեան եւ ցեղասպանական մոլուցքին։ Անշուշտ, շատ աւելի ծանր կորուստ ունեցան բուլղարները՝ թէ՛ զոհերու թիւի, թէ՛ քանդում-աւերումներու, եւ թէ՛ հողատարածքներու կորուստի իմաստով, բայց ի վերջոյ Բուլղարիան պատերազմող կողմ էր եւ իր կարգին, Բալկանեան առաջին պատերազմի ընթացքին, իր ազատագրած հողամասերուն վրայ կա՛մ կոտորած էր թուրք բնակչութիւնը, կա՛մ հարիւր-հազարով տեղահան ըրած էր թուրքերը։
Բալկանեան երկրորդ պատերազմը վերջ գտաւ Բուլղարիոյ պարտութեամբ եւ թուրքական լուծէն ազատագրւած հողերու վերաբաշխումովը բալկանեան յաղթական երկիրներուն միջեւ։
Եւրոպական մեծ տէրութեանց միացեալ նախաձեռնութեամբ կեանքի կոչւեցաւ քննիչ յանձնախումբ մը, որ երկուստեք գործւած ոճիրները ցուցակագրեց եւ կարեւորութեամբ կանգ առաւ այն փաստին վրայ, որ թուրքական կանոնաւոր զօրքերու ձեռամբ սպանւեցան աւելի քան հազար հայեր, շուրջ 300 հայոց բնակարաններ ու 500-է աւելի հայոց խանութներ կողոպտւեցան եւ հրոյ ճարակ դարձան։
Ահա ա՛յս առումով հայոց յուշատետրին սեւ էջը կը կազմէ 1 յուլիսի 1913-ը։
Ճիշտ է, Բալկանեան պատերազմները նաեւ իրենց բարեբեր անդրադարձը ունեցան քաղաքական ճակատի վրայ՝ Հայկական Հարցի վերարծարծման իմաստով։
Թուրքական զօրքերու գործած հակահայ խժդժութիւնները յաւելեալ պատճառ եղան, որ եւրոպական դիւանագիտութեան կողմէ օրակարգի վրայ բերւած Հայկական բարենորոգումներու նոր՝ Մայիսեան ծրագիրը արագօրէն ի գործ դրւի։
Բայց ինչպէս Ռոտոսթոյի հայութեան դէմ իր ձեռնարկած սպանդով, այնպէս ալ Հայկական բարենորոգումներու Մայիսեան ծրագրի եւրոպական պարտադրումին դէմ, թուրքական պետութիւնը մութին մէջ նոր թափով սկսաւ որոճալ… եղանակները Հայկական Հարցէն մէկանգամընդմիշտ ձերբազատւելու հրէշային իր ծրագրին՝ Հայոց Ցեղասպանութեան գործադրութեան։
Այդ առումով 1 յուլիսի 1913-ի Ռոտոսթոյի հայոց սպանդը նախերգանքը եղաւ Հայաստանի եւ հայութեան դէմ թուրքական պետութեան գործադրած ցեղասպանական ահաւոր ոճիրին։
Ն.
Alikonline.ir

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

July 2014
M T W T F S S
 123456
78910111213
14151617181920
21222324252627
28293031  

Արխիւ