Թրքական կազմակերպութիւններ կը պատրաստուին հակազդելու Ցեղասպանութեան 100ամեակին

Ցեղասպանութեան 100ամեակԵՐԵՒԱՆ, «Ազատութիւն».- Միացեալ Նահանգներու թրքական լոպիական կազմակերպութիւններ ծրագիր կը մշակեն Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամեակին առիթով ակնկալուող քայլերուն հակազդելու նպատակով:
Ըստ «Հիւրրիյէթ» թերթին՝ Ուաշինկթընի մէջ գործող թուրք-ամերիկեան ընկերակցութիւններու համագումարը, որ ստեղծուած է 1979ին՝ Թուրքիոյ ուրացման արշաւը Ամերիկայի մէջ իրականացնելու համար, արդէն իսկ «ընդհանուր ծրագիր» մը պատրաստած է։
Գործնական եւ արագ արձագանգումի նախապատրաստուելու համար, Սեպտեմբերին Ուաշինկթըն պիտի հրաւիրուին թրքական բոլոր այն խմբակները, որոնք ընդգրկուած են քարոզարշաւին մէջ:
«Գործնական միջոցներ»ուն շարքին է «գործիչներու կոմիտէներ»ու ձեւաւորումը։ Անոնք իւրաքանչիւր նահանգի մէջ պիտի այցելեն օրէնսդիրներու, քարոզարշաւ պիտի տանին ընկերային ցանցերու մէջ, կապի մէջ պիտի ըլլան աւանդական մամուլին հետ եւ համացանցին վրայ պիտի տեղադրեն իրենց քարոզչութիւնը:
Տարբեր նահանգներու մէջ, համալսարաններու հետ համագործակցութեամբ, պիտի կազմակերպուին միօրեայ համաժողովներ: Նախատեսուած է 20 համաժողով իրականացնել՝ ամերիկացի յայտնի թուրքերու մասնակցութեամբ։ Պիտի հրաւիրուին տոքթ. Մեհմետ Օզի եւ «Քոքա Քոլա»ի տնօրէն Մուհթար Քենթի նման անձնաւորութիւններ:
«Արագ արձագանգում»ով կը նախատեսուի անյապաղ հակաքայլեր կատարել՝ պատասխանելու համար հայկական կազմակերպութեանց ցուցահանդէսներուն, համաժողովներուն եւ հրապարակումներուն:
Թուրք-ամերիկեան ընկերակցութիւններու համագումարը նաեւ պիտի դիմէ գրողներու եւ հրատարակիչներու, որպէսզի Հայկական Ցեղասպանութեան մասին իրենց գիրքերուն մէջ ներառեն նաեւ թրքական տեսակէտները:
Թրքական կազմակերպողներու ուշադրութեան տակ պիտի ըլլայ նաեւ Քոնկրեսը: Թուրք-ամերիկեան ընկերակցութիւններու համագումարը, «Pax Turcica» հիմնարկին հետ համատեղ, կրթական ծրագիր կը կազմէ Քոնկրեսի անդամներուն համար: Քոնկրեսականներուն անմիջապէս տեղեկատուութիւն պիտի տրամադրուի, երբ անոնք հակաթուրք օրինագիծ ներկայացնեն:
Միացեալ Նահանգներու թուրք համայնքը նաեւ դրամահաւաք պիտի կազմակերպէ այս միջոցառումներուն համար:

http://asbarez.com/arm/197181/

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

July 2014
M T W T F S S
 123456
78910111213
14151617181920
21222324252627
28293031  

Արխիւ