Արեւմտահայ բանաստեղծութիւնը 20րդ դարուն ունեցաւ երեք անմահ անուն. Միսաք Մեծարենց, Սիամանթօ եւ Դանիէլ Վարուժան: Եթէ Մեծարենցը անմահացաւ գիւղի, բնութեան եւ սիրոյ զգացումներու իր նուրբ տաղերով, Սիամանթօն՝ հերոսական կռիւի հրաւէրներով եւ Հայոց կոտորածներու ցաւագին նուագներով, Դանիէլ Վարուժանի ստեղծագործութեան էութիւնը եղաւ գեղեցկութեան, ուժի ու աշխատանքի տարերքը:
Վարուժանի կեանքը թէպէտ ընդհատուեցաւ երիտասարդ հասակին, բայց ան ստեղծեց հանրային լայն տրամագիծով եւ գեղարուեստական կատարեալ ձեւերու բանաստեղծութիւն: Ան հոգեկան մերձեցումներ ունեցաւ համաշխարհային բանաստեղծութեան մեծ դէմքերու հետ, պահպանելով, սակայն, իր ստեղծագործութեան ազգային ոճն ու դրոշմը: Այս բանը խոստովանած է նաեւ ինք: Խօսելով Վերածննդեան շրջանի իտալական եւ ֆլամանական արուեստէն կրած ազդեցութեան մասին, Վարուժան միաժամանակ յատկապէս կ՛ընդգծէ, որ իր վրձինը թաթխուած է միայն հայրենի հողի «որդան կարմիր»ին եւ «ծովածուփ արեան» մէջ:
Դանիէլ Վարուժան (Դանիէլ Չպուքիարեան) ծնած է 1884 թուականին Արեւմտեան Հայաստանի Սեբաստիա նահանգի Բրգնիկ գիւղը: Ան մեծցած է գեղեցիկ բնութեան մէջ, իրենց գիւղի գետեզերքներուն թախծող ուռիներու օրօրին տակ: Գիշերները մայրը զաւակին պատմած է պանդխտութեան մէջ գտնուող հօր մասին եւ անոր երեւակայութիւնը բորբոքած՝ թուրք ենիչերիներու մասին ըրած պատմութիւններով: Բնութենէն ստացած երազային տպաւորութիւններուն խառնուած են կեանքի վիշտերը:
Վարուժան գրաճանաչ կը դառնայ գիւղի վարժարանին մէջ, իսկ 1896 թուականէն ուսումը կը շարունակէ Պոլսոյ մէջ, սկիզբը Սագըզ Աղաճըի Մխիթարեան դպրոցին, ապա Քաղկեդոնի վարժարանին մէջ:
Պոլիսը երեխային վրայ ծանր տպաւորութիւն կը թողու: Ան կը տեսնէ սուլթան Համիտի կազմակերպած ջարդին հետքերը: Այդ օրերու հալածեալներէն էր նաեւ բանաստեղծին հայրը, որուն հարազատները երկար ժամանակ կ՛որոնեն եւ վերջապէս զայն կը գտնեն բանտը՝ շղթաներու մէջ: Տարիներ ետք, «Հօրս Բանտին Մէջ» խորագիրը կրող ոտանաւորին մէջ Վարուժան կը յիշէ.
Դեռ փոքր էի, եկայ քեզի մենաւոր,
Մութ զընտանիդ մէջ այցի,
Մայրս հիւանդ էր, կը շրջէի ես ազատ
Մէջտեղը բանտի եւ մահճի:
Ան, բանտարկեալ հօրը կը պատմէ իրենց ապրած դժուար կեանքին մասին. մեծ մայրը մահացած է, մայրը հիւանդ է եւ խուլ կը հազայ, չորցած են պարտէզի վարդենիները, աւերուած է հայրական օճախը:
Հայրը ձեւով մը կը յաջողի ազատիլ բանտէն եւ կ՛աշխատի Պոլսոյ իջեւանատուներէն մէկուն մէջ: Պատանին դպրոցական արձակուրդները կ՛անցընէ հօր մօտ եւ ականատես կ՛ըլլայ պանդուխտներու տառապալի կեանքին: «Արձակուրդներս ընդհանրապէս անցած են հօրս քով, Խաւեար խանը, հայ պանդուխտներու հառաչանքներուն եւ վէրքերու տրոփիւնին ունկնդիր», գրած է բանաստեղծը:
1902 թուականին Վարուժան կը տեղափոխուի Վենետիկի Մուրատ-Ռափայէլեան դպրոցը: Զինք կ՛առինքնեն Վերածնունդի շրջանի նկարչութեան ու քանդակագործութեան կոթողները իրենց առողջ եւ հիւթեղ իրապաշտութեամբ: Ան յափշտակութեամբ կ՛ընթերցէ նշանաւոր գրողներու երկերը, յատկապէս կը տարուի ռուս հանճարեղ գրող Լեւ Թոլսթոյի եւ ֆրանսացի մեծ մտածող Ժան-Ժագ Ռուսոյի գաղափարներով:
Վարուժան եզակի սիրով կ՛ուսումնասիրէ Հայաստանի պատմութիւնը, հայ հին ու նոր գրականութիւնը: Վենետիկի մէջ ան կը գրէ իր առաջին բանաստեղծութիւնները՝ պանդուխտներու կեանքի եւ 1896ի ջարդերու նիւ-թերով:
1905ին բանաստեղծը կը մեկնի Պելճիքա եւ կ՛ընդունուի Կանդի համալսարանը: Ուսանողական տարիները էական դեր կը խաղան. ան կ՛ուսանի հանրային եւ քաղաքական գիտութիւններ, կ՛ուսումնասիրէ գրականութիւն եւ ընկերային գիտութիւններ:
Վարուժանի գեղագիտական հայեացքներու ձեւաւորման կը նպաստէ նաեւ Ֆլամաններու բարձր մշակոյթը. խորազնին կ՛ուսումնասիրէ 17-18րդ դարերու իրապաշտ նկարչութիւնը եւ կը տարուի 20րդ դարու հռչակաւոր բանաստեղծ Էմիլ Վերհարնի բանաստեղծութեամբ:
Ստանալով բարձրագոյն կրթութիւն, բանաստեղծը 1909ին կը վերադառնայ ծննդավայր: Երկու տարի ուսուցչութիւն կ՛ընէ Սեբաստիոյ Արամեան վարժարանին մէջ, ապա 1911ին կը տեղափոխուի Եւդոկիոյ (Թոքատի) Ազգային ճեմարան: 1912ին Վարուժան կը հրաւիրուի Պոլսոյ Բերայի վարժարան՝ ստանձնելու համար տեսուչի պաշտօնը:
Այդ տարիներուն, անոր բանաստեղծութիւնները լայն ճանաչումի կ՛արժանանան: Կը դառնայ Պոլսոյ գրական շրջանակներու ազդեցիկ դէմքերէն մէկը, գրական հաւաքոյթներու ոգին: Տասը տարուան ընթացքին բանաստեղծը կը գրէ չորս գիրք՝ «Սարսուռներ», «Ցեղին Սիրտը», «Հեթանոս Երգեր» եւ «Հացին Երգը»: Կը գրէ նաեւ նօթեր, յօդուածներ, կը կատարէ թարգմանութիւններ:
1915 թուականն էր: Վարուժան կը շարունակէր լրացնել գիւղի չքնաղ երգերու՝ «Հացին Երգը»ի շարքը, կը պատրաստուէր գրելու «Հայկական Հոմերագիրք» ժողովածոն, ուր կը նախատեսէր ի մի բերել հին հայկական առասպելներու եւ աւանդութիւններու մշակումները, կ՛երազէր ամբողջովին մշակել «Սասնայ Ծռեր» ժողովրդական առասպելը:
Բայց վրայ հասաւ արիւնալի աղէտը: Արտերը կը ներկուէին արիւնով: Բնութագրելու համար բանաստեղծին իսկ խօսքերով, կեանքը կը մորթուէր արտերու մէջ, միտքը՝ գանկի մէջ: Այս ողբերգական օրերուն զոհերէն մէկը եղաւ Վարուժան: Թուրք մարդասպանները աքսորի ճամբուն, Չանղըրը քաղաքին մերձակայքը, ձորի մը մէջ յօշոտեցին 31ամեայ բանաստեղծը:
ԳԱՐՆԱՆ ԱՆՁՐԵՒ
Դաշտերուն վրայ իր տրտմութեամբ յամառող
Անձրեւը չէ՛ ասիկա:
Գարնան ջաղբն է՝ որ ցանքերուն վրայ անհուն
Լուսացընցուղ կը տեղայ:
Աստղերն անյայտ, կարծես հալած արեւէն,
Տեղատարափ կը թափին,
Եւ կը լըւան իրենց լոյսին մէջ փաղփուն
Անդաստաններն ու այգին:
Կապոյտն յանկարծ կու լայ բուռն ծիծաղէն,
Եւ կը տեղայ ադամանդ.
Կը լուսանան կոյր աղբերակներն ու կ՛երգեն
Իրենց ծընունդն արգաւանդ:
Անհունն ի վար կը հեղեղուին շառաչուկ
Մեծ կաթիլներ շափիւղայ,
Լի արեւով, ցընծութիւնով, կապոյտով,
Ծիծաղներով սատափեայ:
Մարգերը թաց կ՛արտաշընչեն զովութիւն…
Կը լըւացուին գառնուկներ…
Բո՜յրը հողին, հողին բո՜յրը, ծաւալուն,
Կը լեցնէ գիւղն ու եթեր:
Ու արտերո՜ւս, արտերո՜ւս մէջ քրտնաշատ
Իմ ցորեաններս յամեցող
Նոր ուժերով յօրդահոսա՜ն կ՛ընձիւղին
Կայլակներու մէջ ի լող:
Եւ մաքըրուած անտառին մէջ, այս պահուս,
Ըստ իմ գիւղիս հեքեաթին
Կը ծնի եղնիկը, գօտիին տակ ծիրանի,
Եզնորդ մը՝ նման լուսինին:
ԴԱՆԻԷԼ ՎԱՐՈՒԺԱՆ
—–
Ցան
Սերմանո՛ղն է: Յաղթահասակ կը կանգնի
Մայրամուտին շողերին մէջ ոսկեթոյր:
Ոտքին առջեւ անդաստաններն հայրենի
Կը տարածեն մերկութիւննին անպարոյր:
Լի է ամբողջ ցորեններով աստղահատ
Խորունկ գոգնոցն: Հերկերն հերուան՝ ծարաւի՝
Կը սպասեն իր լայնշի բուռին, եւ բուռն այդ
Արտերուն վրայ՝ զերթ արշալոյս կը բացուի:
Մշա՛կ, ցանէ՛, յանուն տանդ սեղանին
Թեւիդ շարժումն անպարագիբծ թող ըլլայ.
Վաղը՝ նետած ցորեններդ այդ կը թափին
Օրհնութեան պէս թոռնիկներուդ գլխուն վրայ:
Մշա՛կ, ցանէ՛, յանուն նօթի թշուառին
Թող գոգնոցէդ կէս չելլէ ափդ բնաւ.
Աղքատ մ՛այսօր ճրագին մէջ տաճարին
Վաղուան հունձքիդ համար վերջին ձէթը դրաւ:
Մշա՛կ, ցանէ՛, յանուն Տիրոջ նշխարին
Թող մատերէդ յորդին սերմեր լուսեղէն.
Վաղը ամէն մէկ հասկի մէջ կաթնային
Պիտ հասուննայ մաս մ՝Յիսուսի մարմինէն:
Ցանէ՛, ցանէ՛, նոյնիսկ հեռու սահմանէն,
Աստղերու պէս, ալիքներու պէս ցանէ՛:
Ծիտերն ինչ փոյթ, թէ հատիկներդ կ՛աւարեն.-
Տեղը Աստուած պիտի մարգրիտ սերմանէ:
Լեցո՛ւր ակօսն, յորդէ՛ հերկերը բերրի,
Հողին ծոցէն ոսկի լոյսեր թող հոսին:
Օրը ահա կ՛իրիկնանայ, կ՛երկարի
Շուքը թեւիդ հորիզոններն աստղային:
ԴԱՆԻԷԼ ՎԱՐՈՒԺԱՆ
http://asbarez.com/arm/196837/




Leave a Reply