Հոլանտայի Օվերեյսէլ նահանգի խորհրդարանը յուլիս 2-ին կայացած իր նիստի ընթացքին ընդունեց բանաձև մը, ուր արտայայտուած է խորհրդարանի դիրքորոշումը անցնող յունիս մէկին թրքական կազմակերպութիւններու բողոքի ցոյցին հանդէպ, որ ուղղուած էր Ալմէլոյի հայկական եկեղեցւոյ բակին մէջ տեղադրուած Հայոց Ցեղասպանութեան յուշարձանի դէմ (լուսանկարը): Այդ ցոյցի ընթացքին հայ ժողովուրդի հասցէին եղած են վիրաւորական արտայայտութիւններ, ուր կոպիտ ձեւով հերքուած է Հայկական Ցեղասպանութիւնը:
Յուլիս 2-ի բանաձևը, զորս ներկայացուցած են Քրիստոնէական միութիւն (CU), Բարեփոխուած քաղաքական կուսակցութիւն (SGP), Ազատութեան համար կուսակցութիւն (PVV) և Քրիստոնեայ դեմոկրատական կոչ (CDA) խմբակցութիւններու պատգամաւորները, կը վկայակոչէ 1915-1918 Օսմանեան ԿայսրութեաՆ մէջ 1,5 միլիոն քաղաքացիներու (հայերու, ասորիներու և պոնտացի յոյներու) ջարդերը:
http://horizonweekly.ca/news/details/42633

Հոլանտայի Օվերեյսէլ նահանգի խորհրդարանը ճանչցաւ Հայոց Ցեղասպանութիւնը
•
Leave a Reply