ԼԱ ՔՐԵՍԵՆԹԱ.- Կիրակի, 6 յուլիս 2014ին, Ազգային առաջնորդարանի «Տիգրան եւ Զարուհի Տէր Ղազարեան» սրահին մէջ (6252 Honolulu Ave., La Crescenta, 91214) ժամը 1ին, յաւարտ Ս. եւ անմահ պատարագի տեղի պիտի ունենայ Քրեսենթա հովիտի Հայց. առաք. Ս. եկեղեցւոյ դաստիարակչական յանձնախումբին կողմէ կազմակերպուած ամսական հերթական դասախօսութիւնը՝ նուիրուած Անիի աւերակներուն: Դասախօսն է Մորիս-Միսաք Քէլէշեան:
Դասախօսութիւնը մեզ պիտի փոխադրէ պատմական Անի քաղաքը, ուր մօտէն պիտի ծանօթանանք Անիի աշխարհագրական դիրքին, պատմութեան, ճարտարապետական կոթողներուն եւ պաշտպանողական կառոյցներուն. դասախօսը պիտի ընդգծէ իւրաքանչիւր պատմական կոթողի անունը եւ մինչեւ օրս չներկայացուած մանրամասնութիւնները:
Միսաք Քէլէշեան մասնագիտութեամբ ելեկտրական ճարտարապետ է եւ առաջամարտիկ գործարար մը՝ տեղեկատուական արհեստագիտութեան ոլորտին մէջ: Մասնագիտացած է Wireless tracking and monitoring-ի մէջ եւ այլ յատուկ արհեստագիտական բնագաւառներէ ներս: Ունի մեծ փորձառութիւն յատկապէս Key US DoD համաշխարհային գործարքներու եւ վաճառականական կիրառումներու ոլորտին մէջ:
Մ. Քէլէշեան նաեւ անկախ քննիչ-հետազօտող է չբացայայտուած պատմութիւններու, քաջագործութիւններու եւ մարդասիրական թաքուն ծառայութիւններու, որոնք իրականացած են Միացեալ Նահանգներու կառավարութեան եւ ժողովուրդին կողմէ եւ որոնք սատարած են հազարաւոր հայերու գոյատեւման՝ 1915-1930 թուականներուն:
Ան վերջերս Լիբանանի մէջ յայտնաբերած է երկու որբանոցներու պատմութիւնը: Առաջինը՝ Այնթուրայի մէջ՝ 1915-1918 թուականներէն, ուր մօտաւորապէս 2000 հայ որբ թրքացուած էր Ճեմալ փաշայի եւ Հալիտէ Էտիպ Էտիվարի կողմէ: Իսկ երկրորդը՝ Ղազիրի մէջ՝ 1925էն, ուր հայ որբուհիներ իրենց գործած «In Golden Rule Gratitude» յատուկ գորգը ղրկած էին Միացեալ Նահանգներու այդ օրերու նախագահ Քելվին Քուլիճին, զայն ցուցադրելու համար Սպիտակ տան մէջ:
Շրջանային «Էմմի» մրցանակին ներկայացուած «Ցեղասպանութեան Որբերը» վաւերագրական ֆիլմը, որուն բեմադրիչն է Պարէտ Մարոնեան, հիմնուած է Միսաք Քէլէշեանի հետազօտութիւններուն վրայ: Իսկ իր ամենաարժէքաւոր աշխատանքներէն մէկը կը մնայ հայ վերապրողներուն յատկացուած կենսական օգնութիւնը՝ Մերձաւոր Արեւելքի Նպաստամատոյցին (NER) կողմէ:
Քրեսենթա հովիտի Հայց. առաքելական Ս. եկեղեցւոյ դաստիարակչական յանձնախումբին կազմակերպած ու պատմական արժէք ներկայացնող սոյն շահեկան դասախօսութեան մուտքը ազատ է:
(Թղթակցութիւնը՝ Եկեղեցիէն)
http://asbarez.com/arm/196581/

«Անիի աւերակները» նիւթով դասախօսութիւն
•
Leave a Reply